image
Հրատապ լուրեր:

Երկու խօսք` Պր. Կիրակոս Գույումճեանի հաստատած մրցանակին առիթով

Երկու խօսք` Պր. Կիրակոս Գույումճեանի հաստատած մրցանակին առիթով

Հալէպահայ մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն մայրենի լեզուի ուսուցման վիթխարի դժուարութիւններ։ Հայերէն լեզուն արիւն կը կորսնցնէ ամէ'ն օր, ամէ'ն ժամ։ Մեր աշակերտներուն կարեւոր մէկ տոկոսը ուղղակի կ`արհամարհէ հայերէնը, կը ստորագնահատէ զայն, բոլորիս անտարբեր աչքերուն առջեւ...։

 

 

Վերջին քանի մը տարիներուն հալէպահայ մեր համայնքային կեանքին կարեւոր իրադարձութիւններէն մին սկսած է նկատուիլ այն մրցանակը կամ նիւթական պարգեւը, զոր Քուէյթէն պր. Կիրակոս Գույումճեան կը յատկացնէ պաքալորիայի պետական քննութեանց մասնակից յաջողագոյն հայ աշակերտներուն։

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ`ունենայ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, հանդիսաւոր արարողակարգով մը։

Պէտք է խոստովանիլ, թէ մեր ուսանողները ակնդէտ կը սպասեն այս մրցանակաբաշխութիւնը ու լուռ պայքար մը կը մղեն իրարու դէմ` նիւթական այդ պարգեւին տիրանալու համար։

Երեւոյթը խրախուսիչ է ու կը սրէ բոլորիս հետաքրքրութիւնը։

Մեծապէս գնահատելի է, ամէն բանէ առաջ, բարերար պր. Գույումճեանի սոյն նախաձեռնութեան մղում տուող ՈԳԻՆ։ Բարերարը գործի աշխարհին մէջ յաջողած ձեռներէց անձնաւորութիւն մըն է, որ նաեւ գիտակից է ուսման կարեւորութեան։ Ան մինչեւ իսկ տիպ ու տառի համեստ սպասաւոր մըն է ու մտերիմ դէմք մը` հայ եւ արաբատառ մամուլին։

Պր. Կիրակոս Գույումճեանի հաստատած մրցանակը, ինչպէս գիտենք, կը շնորհուի հալէպահայ վարժարաններէ 3 աշակերտներու, որոնք հաւաքած պիտի ըլլան պաքալորիայի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշերը։

Մրցանակին մայր սկզբունքն ու անսակարկելի պայմանը ա'յս է։

Մեր համեստ կարծիքով, սակայն, այս մրցանակը պէտք է ունենայ լրացուցիչ նախապայման մը եւս, որ է` տուեալ աշակերտին հայերէնի նիշերու ցուցակը (ԺԲ. կարգի ամսական գրաւորի, առօրեայ աշխատանքի եւ ամավերջի քննութեան արդիւնքներ)։

Այս թելադրանքը կ`ընենք` ելլելով դառն փորձառութենէ մը։

Անցնող քանի մը տարիներուն մենք ականատես եղանք ընդվզեցուցիչ երեւոյթներու։ Ափսոսանքով տեսանք, որ պր. Գույումճեանի հաստատած մրցանակը "խլուեցաւ" այնպիսի աշակերտներու կողմէ, որոնք բոլորովին անտեսած կամ արհամարհած էին հայերէնի դասապահերը` կրթական տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան...։ Աշակերտներ, որոնք ՀԱՅ էին, ՀԱՅԿԱԿԱՆ վարժարան կը յաճախէին, բայց հայերէնի դասագիրքը բանալ չէին ուզեր...։

Ճիշդ ա'յս կէտն է, որ այսուհետեւ նկատի պէտք է առնուի բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ։ Պաքալորիայի բարձրագոյն նիշերուն առընթեր` պէտք է անհրաժեշտաբար սեղան բերուի նաեւ ուսանողին հայերէնի վիճակացոյցը, իբրեւ լրացուցիչ տուեալ։ Մրցանակակիր ուսանողը պէտք է ունենայ, միաժամանակ, հայերէնի գոհացուցիչ վիճակացոյց մը, ոչ֊նուազ` քան 60 առ հարիւր միջինով մը։ Առանց այս վերջին տուեալին` մրցանակ կամ դրամական պարգեւ պէտք չէ շնորհուի ո'չ ոքի։

Հալէպահայ մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն մայրենի լեզուի ուսուցման վիթխարի դժուարութիւններ։ Հայերէն լեզուն արիւն կը կորսնցնէ ամէ'ն օր, ամէ'ն ժամ։ Մեր աշակերտներուն կարեւոր մէկ տոկոսը ուղղակի կ`արհամարհէ հայերէնը, կը ստորագնահատէ զայն, բոլորիս անտարբեր աչքերուն առջեւ...։

Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ` պր. Կիրակոս Գույումճեանի մրցանակը կրնայ խաղալ խթանիչ դեր մը։ Թէ' ուսանողները իրենք, թէ' իրենց ծնողները եւ թէ' դպրոցներու պատասխանատուները կը հրաւիրուին իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու հայերէն լեզուի նկատմամբ ու պահելու զայն արժանի բարձրութեան վրայ։

Կը յուսանք, որ կատարեալ հասկացողութեամբ կը դիմաւորուի մեր այս առաջարկը, ու մրցանակը այսուհետեւ կը զգենու նոր դիմագծութիւն մը, ուր արդարը, պատշաճն ու տոհմիկը միաձուլուած կ`ըլլան իրարու։

Պիտի սպասենք ու տեսնենք։

Մինչ այդ` յաջողութիւն կը մաղթենք պաքալորիայի քննութեանց դիմող մեր բոլոր աշակերտներուն։

 

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)