image

Պէյրութ. «Մայրերու տօն»ին առիթով՝ նախաճաշ

Պէյրութ. «Մայրերու տօն»ին առիթով՝ նախաճաշ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 21 մայիս 2025-ին «Ֆալամանքի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին առիթով նախաճաշ:

Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Շաղիկ Յարութիւնեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջած էին դպրոցի հրաւէրին, ապա ներկայացուց ձեռնարկի կազմակերպման նպատակը:

Ան անդրադարձաւ մօր արժէքին եւ ըսաւ, որ մայրը հոգի մըն է` լեցուն սիրով ու յանձնառութեամբ, կանգուն պահակը` իր ընտանիքին ու զաւակներուն: «Հայ մայրը հայ մշակոյթի սիրտն է` ժառանգութեան, լեզուի ու աւանդոյթներու աննկուն պահապանը, արժէքներու առաջին ուսուցիչը: Այս նախաձեռնութիւնը միասնաբար հաւաքուելէ անդին` մեր հոգիէն բխող շնորհակալութիւն յայտնելու առիթ է այն մեծ գործին համար, զոր մեր մայրերը կը կատարեն իւրաքանչիւր օր` ժպիտով ու հոգատար ձեռքերով», շեշտեց ան:

Շաղիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ Ազգային Միացեալ վարժարանը հայկական ինքնութեան ու արմատներուն, նոր սերունդներուն կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբելու իր առաքելութեան մէջ կը մնայ հաստատ ու կենսունակ, նաեւ` շնորհիւ իր շուրջ համախմբուած բարեկամներու զօրակցութեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աջակիցներուն, տարբեր ձեւերով ներդրում ունեցողներուն` նշելով, որ բոլորին ներկայութիւնն ու աջակցութիւնը վկայութիւն է, որ մենք միասին` սրտով, հոգիով ու յոյսով, կը նայինք դէպի վաղուան օրը: Հայ դպրոցը պիտի գոյատեւէ ու պայծառանայ ձեր նուիրումին եւ աշխատանքին շնորհիւ:

Նախաճաշը առիթ եղաւ, որ ծնողներ, բարեկամներ ու բարերարները հանդիպեցան` կիսելով ոչ միայն ճաշը, այլ նաեւ` կրթական ընտանիքի միասնականութիւնը: Անոնք առիթը ունեցան մօտէն հետաքրքրուելու հայ դպրոցով եւ անդրադառնալու տարուած աշխատանքին:

Մայրերու նուիրուած այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը կրցաւ լիարժէք իրականանալ` շնորհիւ դպրոցի նուիրեալ բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ յատկացուեցան կարիքաւոր սաներու ֆոնտին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն