Սոյն թուականի 12 մարտին, տեղական ժամանակով ժամը 09:57-ին (Գրինիչի ժամանակով` ժամը 05:57-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39.80⁰ եւ արեւելեան երկարութեան 43.67⁰ աշխարհագրական չափագրումներով` Թուրքիա` Իգտիր քաղաքէն 34 քմ հարաւ-արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5 աստիճան: Այս մասին կը յայտնեն ԱԻՆ-էն։
Երկրաշարժը զգացուած է Արմաւիրի մարզի` Վարդանաշէն եւ Ջանֆիտա գիւղերուն մէջ` 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ, եւ Երեւան քաղաքին մէջ` 2 աստիճան ուժգնութեամբ: