image

Երիտասարդ կինը «Կոյր կապար»ի նոր զոհ մը Լիբանանի մէջ

Երիտասարդ  կինը «Կոյր կապար»ի նոր զոհ մը Լիբանանի  մէջ

Լիբանանի մէջ ապօրինի  զէնքի  երեւոյթը կը շարունակէ   չարաբաստիկ դէպքերու   առիթ  հանդիսանալ:     Աքքարի   «Պահնին»    գաւառին մէջ Ռիմ անունով լիբանանցի  կին մը        շրջանին մէջ    գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուելէ  ետք մահացած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ    «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ կը  հաղորդէ, թէ     երիտասարդ    քաղաքացին  վիրաւորուելէ ետք  անմիջապէս  փոխադրուած է հիւանդանոց,  ուր     եւ  կնքած է իր մահկանացուն: Աղբիւրը  նոյնպէս կը յիշեցնէ, որ Ռիմ   վիրաւորուած է       Սէուտական Արաբիայէն իրենց գաւառը  վերադարձող   «հաճի»ներու դիմաւորման  համար եղած   «հրճուանք»ի  կրակոկոցներուն հետեւանքով:

 

Նշենք,  որ   Լիբանանի մէջ   տարեկան  կտրուածքով  նման  տասնեակ  դէպքեր  կը պատահին եւ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան  ներկայացուցիչներ   տարբեր առիթներով    կը շարունակեն   ապօրինի զէնքի եւ   զէնքի արտօնագրի     հետ կապուած   խստապահանջ  օրէնքներ  պահանջել: