image

«Երեւանը ներկայ է թրքական պատմութեան մէջ». Թուրք լրագրող (Տեսանիւթ)

«Երեւանը ներկայ է թրքական պատմութեան մէջ». Թուրք լրագրող (Տեսանիւթ)

Օրեր առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հարցազրոյցի համար Երեւան եկած թուրք լրագրողներէն մէկն այցելած է իրանական Կապոյտ մզկիթ՝ այն, ինչպէս նաեւ Երեւանը յայտարարելով «պատմականօրէն թրքական». այս մասին X-ի էջին գրած է ամերիկացի լրագրող Լինտսի Սնելը:

«Երեւանի թրքական անուանումն Էրիւան է: Ուստիեւ այն, փաստացի, քաղաք է, որ իր տեղն ունի թրքական պատմութեան ու թրքական կայսրութեան մէջ: Մեր ետին Երեւանի մէջ մնացած միակ մզկիթն է, այն կառուցուած է 1700-ականներուն՝ Էրիւանի խանութեան մէջ՝ Հուսէյն Ալի Խանի իշխանութեան օրօք... Այն ժամանակ ատրպէյճանցի թուրքերը նոյնպէս այստեղ կ՚ապրէին», - նշած է լրագրողը: