image

Երեւանը կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքական գիծը, եւ Մոսկուայի հետ դաշինքը կը փոխարինէ ոչ թէ՝ Արեւմուտքի օգնութեան, այլ լոկ մշուշոտ խոստումներու հետ. Լաւրով

Երեւանը կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքական գիծը, եւ Մոսկուայի հետ դաշինքը կը փոխարինէ ոչ թէ՝ Արեւմուտքի օգնութեան, այլ լոկ մշուշոտ խոստումներու հետ. Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին, ի թիւս այլ թեմաներու, խօսած է Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ առաջացած բարդութիւններու, ՆԱԹՕ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու հետ Հայաստանի շփումներու մասին։

«Ցաւօք, պաշտօնական Երեւանը, տեղի տալով արեւմտամէտներու յորդորներուն, կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքական գիծը: Մոսկուայի հետ ժամանակին փորձուած դաշնակցային կապը կը փոխէ ոչ թէ Արեւմուտքի յստակ օգնութեան, այլ միայն անորոշ խոստումներու հետ։ Ռազմավարական շրջադարձի ընթացքն արդարացնելու համար անոնք կը փորձեն Ռուսիան մեղադրել հանրապետութեան բոլոր դժբախտութիւններու, այդ շարքին՝ Ղարաբաղի կորուստի համար։ Մենք բազմիցս հրապարակայնօրէն խօսած ենք Ռուսիոյ մտահոգութիւններու մասին. այժմ իմաստ չունի կրկին թուարկել Հայաստանի իշխանութիւններու ոչ բարեկամական քայլերը»,-ըսած է Լաւրովը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ան համոզուած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ բոլոր դժուարութիւնները ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն եւ կը յաղթահարուին քաղաքական կամքի առկայութեան պարագային․ «Հայ-ռուսական կապերու կայուն եւ համակարգուած զարգացումն է, որ կը համապատասխանէ երկու պետութիւններու ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն, որոնք ունին ընդհանուր արժէքներ»։

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նկատած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ տպաւորիչ արագութեամբ կը զարգանան առեւտրատնտեսական կապերը․ «Սա երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հիմքն է, ինչպէս նաեւ կարեւորագոյն օգնութիւն Հայաստանի տնտեսութեան կայունութեան եւ Հայաստանի բնակչութեան բարեկեցութեան համար։ 

Լաւրովի կարծիքով՝ արեւմտեան երկիրներու օգնութեամբ Հայաստանը չի կրնար յաղթահարել մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած է․ «Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, չեն ձգտիր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Անոնց խնդիրը բոլորովին այլ է՝ դուրս մղել Մոսկուան եւ տարածաշրջանային միւս ուժերը, ստեղծել լարուածութեան նոր օճախ Պալքաններէն, Մերձաւոր Արեւելքէն եւ Ուքրանիայէն ետք»։

 

102-րդ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման նպատակայարմարութեան վերաբերեալ քննարկումները վնասակար կը համարենք. Լաւրով

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը նաեւ «վնասակար կը համարէ» Հայաստանի տարածքին մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի գտնուելու նպատակայարմարութեան վերաբերեալ դատողութիւնները։

«Վերջին շրջանին Երեւանը կը զարգացնէ համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի եւ անոր առանձին անդամ երկիրներու հետ։ Այս տարի Հայաստանը դաշինքի հետ մասնակցած է քանի մը տասնեակ միջոցառումներու, կը շարունակէ իր զինուած ուժերու արդիականացումը ՆԱԹՕ-ի չափանիշերով, հայ զինուորականները կը վերապատրաստուին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի շարք մը պետութիւններու մէջ։ Այդ չի կրնար մեզ չանհանգստացնել։ Մենք բազմիցս հայ գործընկերներու ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք այն փաստի վրայ, որ ՆԱԹՕ-ի իրական նպատակը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերն ամրապնդելն է եւ «բաժնիր, որ տիրես» գործելաոճի համար պայմաններ ստեղծելը։ Յուսով եմ՝ Երեւանի մէջ կը գիտակցին, որ դաշինքի հետ փոխգործակցութեան խորացումը կը յանգեցնէ ինքնիշխանութեան կորուստի ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ»,- յայտարարած է Սերկէյ Լաւրովը։