image

Վարդենիսին մօտակայքը՝ երկրաշարժ գրանցուած է

Վարդենիսին մօտակայքը՝  երկրաշարժ գրանցուած է

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ, Օգոստոս 10-ին` տեղական ժամանակով ժամը 23։11-ին (Կրինվիչի ժամանակով` ժամը 19։11-ին), գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.25⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 46․02⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Վարդենիս քաղաքէն 26 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ 3․8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ։

Կեդրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս, Մարտունի քաղաքներու եւ Սոթք, Ծովակ, Վարդենիկ, Կարճաղբիւր, Ծովինար, Կութ գիւղերուն մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ: