Ընթերցումներս (65)
Անհամասեռութիւն (8)
Շարահիւսական անհամասեռութիւն (ա)
Անհամասեռութեան այս տարբերակը կ’ընդգրկէ բառերէն անդին՝ ամբող-ջական նախադասութիւններ, ուր կը յառաջանան խօսքի կառուցային անմիօրի-նակութիւններ, աններդաշնակութիւններ, անհամատեղելիութիւններ:
Օրինակ՝
--Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր:
Արկածեալին կրած վնասներէն առաջին երկուքը ունին անուանական բնութագրում՝ «կոտրած անրակ» եւ «ճաթած կողոսկրներ», մինչ երրորդը ունի նկարագրական բնութագրում, որ տրուած է ամբողջ նախադասութեամբ մը՝ «անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր», մինչդեռ ոճական հետեւողականութեան համար կարելի էր այս վերջինին նմանապէս տալ անուանական բնութագրում եւ ըսել.
--Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը:
Նաեւ՝
-- Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ թէ ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:
Սա նախորդին մէկ կրկնօրինակն է. բնական երեք նախատեսութիւններուն առաջին երկուքը անուանական են, իսկ երրորդը՝ նկարագրական, ինչ որ կարելի էր սրբագրել այսպէս՝
--Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ ալիքներու արտակարգ բարձրացում:
Երրորդը կարելի է բանաձեւել նաեւ այսպէս՝ «եւ արտակարգօրէն բարձր ալիքներ»:
* * *
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այսպիսիները ստանան հակառակ լուծում մը, որ ահաւասիկ.
--Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին, թէ պիտի փչէ զօրաւոր փոթորիկ մը, պիտի պատահին հեղեղային տեղումներ եւ (թէ) ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:
Այս կարգի լուծումը ի զօրու է բերուած բոլոր օրինակներուն համար:
Նաեւ՝
--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն ու կալանքի տակ առնուիլն էր («Ազգ», 20-11-15):
Ուր համադասուած են պաշտօնազրկումն (բայանուն) եւ կալանքի տակ առնուիլն (անորոշ դերբայական բառակապակցութիւն):
Սրբագրենք զայն՝
--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն էր եւ կալանաւորումը»:
Կամ՝ պաշտօնանկութիւնն ու կալանքը:
Այլ նաեւ՝
--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկուիլն ու կալանքի տակ առնուիլն էր»:
Որով անհամասեռութիւնը վերցաւ, սակայն կառոյցը ճապաղ, ծանծաղ ու անհրապոյր է: Նկատել մանաւանդ բառակազմական անմիօրինակութիւնը.
--պաշտօնազրկուիլ-ը բառային մէկ ամբողջութիւն է, մինչ՝
--կալանքի տակ առմուիլը՝ ամբողջ բառակապակցութիւն մը:
Գոնէ համադասէր սա՛ ձեւով՝
--պաշտօնազրկուիլն ու կալանաւորուիլը...
* * *
Ա յլ օրինակներ՝
***Արկածեալը կը տառապէր կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ, եւ քիթը յարատեւ կ’արիւնէր:
---Արկածեալը կը տառապէր կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ եւ քիթի մնայուն (կամ՝ անդադրում) արիւնահոսութենէ:
***Վաճառորդուհին ունէր համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցումներուն:
---Վաճառորդուհին ունէր համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութիւն:
Ուր կատարելապէս համասեռ են՝ համոզիչ շեշտ-ը, կիրթ շարժումներ-ը եւ մեծ համբերութիւն-ը:
***Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ գինի որ իտալական արտադրութիւն էր:
---Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ իտալական գինին:
***Արտագաղթողները կը դժգոհին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ կը բողոքէին տիրող անարդա-րութեան դէմ:
---Արտագաղթողները կը դժգոհէին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ տիրող անարդարութենէն:
***Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու յոյսով եւ պիտի փորձէին նոր հայրենիք մը կերտել այդ ափերուն վրայ:
Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու եւ նոր հայրենիք մը կերտելու յոյսով:
Համասեռութեան սիրոյն ջնջեցինք «այդ ափերուն վրայ» բառակապակցութիւնը, որ շատ բան չի նշանակեր:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com