image

Նանսի Իսսայի «Արեան Հատուցումը» ներկայացուեցաւ Պուէնոս Այրէսի եւ Գորտոպայի մէջ

Նանսի Իսսայի «Արեան Հատուցումը» ներկայացուեցաւ Պուէնոս Այրէսի եւ Գորտոպայի մէջ

Նեմեսիս գործողութեան իւրայատուկ բեմականացումը թատերական արուեստի մարտահրաւէր է, եւ աւելի

Մոնթրէալի մէջ յաջողութեամբ ցուցադրուելէ յետոյ, Նանսի Իսսայի Արեան Հատուցում թատերախաղը ներկայացուեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ: Յուլիսի երրորդ շաբաթը: Տասնիներորդ դարու ազգային ազատագրական պայքարի եւ 20-րդ դարու Հայ Դատի պահանջատիրութեան 1965-1985/7 տարիներու երկու հերոսական արարքներու, Խանասորի Արշաւանքն ու Լիզպոնի Հինգը, նախօրէին: 

«Պատմական իրադարձութիւններու վրայ հիմնուած թատերախաղ մը», կ'ըսէ ծանուցման թերթիկը: Այսինքն՝ պատմական կուռ ուսումնասիրութիւն՝ դէպքերու ճշգրիտ փոխանցումին համար, ստեղծագործ ճիգ մեկտեղելու համար դէպքերն ու դէմքերը եւ, միաժամանակ, առանցքային պահելու կեդրոնական կերպարը՝ Արամ Երկանեան, որ մղիչ գործօնն է այս ամբողջ նախաձեռնութեան, եւ անցեալի վերայիշեցման հիման վրայ ներկայի մասին մտածելու հրաւէր: Պիտի աւելցնել՝ անոր սպաներէն թարգմանութիւնը որպէսզի իր մեծամասնութեամբ ոչ-հայախօս համայնքի մը հանդիսատես հասարակութիւնը կարենայ հետեւիլ եւ ըմբոշխնել ներկայացումը: Եւ չմոռնալ յիշել բոլոր այն հովանաւորներուն, որոնք Գանատայի մէջ թէ Արժանթինի, իրականութիւն դարձուցին թատերախումբի մը ճամբորդութիւնը ընդամէնը երկու ներկայացումի համար:

Եթէ Արամ Երկանեանի ընդհանրապէս շուքի մէջ մնացած կերպարն ու գործը Նեմեսիս գործողութեան մէջ Իսսայի ստեղծագործական նախաձեռնութեան առաջին շարժառիթը եղած է, ապա մէկուկէս տարուայ աշխատանքի արդիւնքը շատ աւելի է: Յիշեցում է նախ որ Երկանեան երիտասարդ տարիքին մահացաւ Արժանթինի Գորտոպա քաղաքին մէջ, ուր իր գաղափարակիցներու նախաձեռնութեամբ իր աճիւնները ամփոփուեցան Հ.Յ.Դ. Անդրանիկ Կոմիտէութեան ակումբի թամբարանին մէջ: Իր կեանքին մասին է, ատրճանակը որ նուէր կը ստանայ Քեռիէն դեռ պատանի, իր մասնակցութիւնը հայութեան վերապրումի ճակատագրական մարտերուն եւ, վերջապէս, արարքը: Եւ որովհետեւ անկարելի է Երկանեանը առանձնացնել Նեմեսիսի միւս հերոսներէն՝ Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Միսաք Թորլաքեան... Արեան Հատումը Նեմեսիսի՛ն ներկայացումն է, Նեմեսիսն է բեմին վրայ, որպէս Հայոց Պատմութեան ամենէ՛ն դիւցազներգական էջերէն մէկը, որպէս ցեղասպանուած եւ պետականազուրկ ժողովուրդի արդարահատոյցի վճռակամութիւնը, որպէս ամբողջ տռամ մը իր յուզականութեամբ, պոռթկումներով եւ ցասումով որոնք հասանելի են թէկուզ թերեւս միայն հայու մտքին, սրտին եւ խղճին:

Ներկայագումը կ'ընթանայ պատումի ձեւով, եւ այդ նախաձեռնութիւնը առած երկու կերպարներէն մէկը պահ մը կը սկսի հարցականի տակ դնել ըրածին բարոյական երեսը՝ պատերա՞զմ թէ խաղաղութիւն գրեթէ բառացի բանաձեւումով. Արեան Հատուցումը կը ներկայացուի այնպիսի ժամանակի մը երբ պարտուողականութիւնն ու զիջողականութիւնը կը դիմակաւորուին որպէս «խաղաղութիւն» եւ հաւաքական յիշողութենէն ջնջել կ'ուզեն ի մէջ այլոց նաեւ Նեմեսիսն ու Նեմեսիսի ոգին: Ինչպէս պատերազմին ինկած նահատակներու պատկերներուն սրբումը Երեւանի փողոցներուն մէջ, կամ Արցախի խորհրդանիշ Մամիկի ու Պապիկի նկարի վերացումը դպրոցական ցուցահանդէսէն: Այս իմաստով, Արեան Հատուցումը նաեւ «հայեր յիշէք Նեմեսիս» մըն է, «սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Նեմեսիսէն»: Ներկայացումին համար անհրաժեշտ եղաւ հրաւիրեալ դերակատարներ Պուէնոս Այրէսէն եւ Գորտոպայէն, երիտասարդներ որոնք քանի մը տեսարաններու մէջ պիտի յայտնուէին միայն: Բայց այդ մէկը, կը վկայեմ, բաւարար էր որպէսզի Նեմեսիսին մասին աւելի իմանալու հետաքրքրութիւնը աճի իրենց մօտ: 

Թերեւս պատահականութիւն էր որ Արեան Հատուցումը Մոնթրէալէն յետոյ Արժանթին ներկայացուի, բայց ոչ անոր համար նուազ խորհրդանշական: Պուէնոս Այրէսի մէջ Երկանեանի ժառանգները ներկայ գտնուեցան ներկայացումին, իսկ Գորտոպայի մէջ, ուր գործին հեղինակը ծնած ու ապրած է մինչեւ իր Գանատա փոխադրուիլը, ներկայացումը վստահաբար արուեստի գործի մը ըմբոշխման հաճոյքէն անդին անցնող ապրումներու առիթ տուաւ:

Պուէնոս Այրէսի Համազգայինը մեծ աշխատանք տարաւ որ թատերախաղը ներկայացուի Արժանթինի մէջ: Երանի օրինակը վարակիչ ըլլայ եւ Նեմեսիսը ներկայացուի տարբեր սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ եւ, անշուշտ, Հայաստանի: Արեան Հատուցումը Նեմեսիսին բացառիկ եւ իւրայատուկ բեմականացումն է, յիշողութեան թարմացումէ աւելի անոր ստեղծագործ կենսունակացում մըն է որ մարտահրաւէր կ'ուղղէ ամէն հայ բեմադրիչի փաստելու իր տաղանդը:

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...