image

Երեւանն ու Պաքուն ի վիճակի են ինքնուրոյն լուծելու տարաձայնութիւնը. Ամիրպեքով

Երեւանն ու Պաքուն ի վիճակի են ինքնուրոյն լուծելու տարաձայնութիւնը. Ամիրպեքով

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Պաքուի  մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրի Մասնակիցներու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնն է, ինչ որ մեծ հնարաւորութիւն է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու համար։

Էլչին Ամիրպեքով յիշեցուցած է, որ 2023 թուականի դեկտեմբերին Երեւան եւ Պաքուն պայմանաւորուած են ազատ արձակել կողմերու մօտ պահուող ատրպէյճանցի եւ հայ զինծառայողները: Հայաստանն ալ աջակցութիւն յայտնած է COP29-ը Պաքուի մէջ կայանալու Ատրպէյճանի յայտին եւ հանած իր թեկնածութիւնը: Իսկ Ատրպէյճան աջակցութիւն յայտնած է Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «COP»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի թեկնածութեան:

«Ի հարկէ, այս մեծ առաջընթաց էր, քանի որ առաջին անգամ ուղիղ շփումներու միջոցով մենք վստահութեան ամրապնդման քայլեր կատարեցինք: Այդ ցոյց տուաւ, որ երկու երկիրները ի վիճակի են ինքնուրույն լուծելու տարաձայնութիւնները՝ առանց երրորդ կողմերու մասնակցութեան»,- աւելցուցած  է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

Ամիրպեքովի խօսքով՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին։

«Զգուշաւոր լաւատեսութիւն ունինք, կը կարծենք, որ համաձայնագիրի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւնները հնարաւոր է աւարտին հասցնել մինչեւ COP29-ի կայանալը, որ նախատեսուած է նոյեմբերին»,- ընդգծած է ան։