image

Երեւանի մէջ հրկիզուած է թիւ 31 երթուղիի հանրակառք

Երեւանի մէջ հրկիզուած է թիւ 31 երթուղիի հանրակառք

9 Մայիսին,  Երեւանի Կոմիտասի պողոտային վրայ՝ շուկայի մօտակայքը, այրած է թիւ 31 երթուղին սպասարկող «GAZel» մակնիշի հանրակառքը (վարորդ՝ Ա. Ա., ծնած 1967 թ․): Այս մասին կը հաղորդէ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը:

Ժամը՝ 13:54-ին հնչած ահազանգի կանչին արձագանգելով դէպքի վայր մեկնած հրշէջ-փրկարարները հրդեհը մեկուսացուցած են ժամը 14։04-ին, մարած՝ 14։07-ին։

Բացի հանրակառքի հրկիզումէն, մասամբ ջերմահարուած է նաեւ մօտակայ կանգառի գովազդային վահանակը (մօտ 4 քմ)։