image

Երեւանի կեդրոնը՝ ծեծկռտուք. Բերման ենթարկուած է հանրայայտ գործիչի մը զաւակը

Երեւանի կեդրոնը՝  ծեծկռտուք. Բերման ենթարկուած է հանրայայտ գործիչի մը  զաւակը

5 փետրուարին, խմբակային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:

Ժամը 02։40-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին օպերատիւ տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Վարդանանց փողոցի մէջ գործող յայտնի «Ռոյալ» ակումբի մօտ վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք  տեղի կ'ունենայ:

Ոստիկանները նշուած ակումբի մօտէն խուլիկանութիւն կատարելու հիմնաւոր կասկածանքով ձերբակալած եւ Ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին տեղափոխած են խումբ մը երիտասարդներ։

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով, այդ երիտասարդներն են Երեւանի բնակիչներ՝ 20-ամեայ Միխայիլ Մանուկեանը, 32-ամեայ Արարատ Մարտիրոսեանը, Վայոց Ձորի մարզի բնակիչ՝ 32-ամեայ Տիգրան Գէորգեանը, Արմաւիրի մարզի բնակիչներ՝ 22-ամեայ Դաւիթ Մովսիսեանը եւ 23-ամեայ Ազատ Վարդանեանը։

Վերջիներս կը կասկածուին նշված հասցէին մէջ առաջացած վիճաբանութեան ժամանակ հասարակութեան նկատմամբ բացայայտ անարգալից վերաբերմունք դրսեւորելու մէջ. հայհոյանքներ հնչեցուցած են իրար եւ փոխադարձ հարուածներ հասցուցած։

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով, կռիւի մասնակիցներէն Դ. Մովսիսեանը Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, «Շմայս» մականուամբ Առաքել Մովսիսեանի տղան է։