9 զինծառայողները, որոնց մարմինները 17 դեկտեմբերին յայտնաբերուած են Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր-Խծաբերդ դիրքերու մերձակայ տարածքին մէջ, այն նոյն զինծառայողներն են, որոնք Հին Թաղերու ուղղութեամբ գերեվարուած յայտարարուած էին օրեր առաջ։
NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ անոնց մեծ մասը Արմաւիրի մարզէն է, ծառայութիւն կ'իրականացնէին ՄՈՊ-ով։
Անոնց ջոկը բաղկացած եղած է 11 հոգիէ: Միւս երկու զինծառայողներուն վերաբերեալ լուր չկայ։ Անոնք 120 հոգինոց այն վաշտի կազմին մէջ էին, որոնք Հին Թաղերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական յարձակումէն ետք շրջափակման մէջ ինկած էին, ատրպէյճանցիներու հետ բանակցելէ ետք վաշտի 83 զինծառայողները կրցած էին դուրս գալ շրջափակումէն 12 դեկտեմբերին։
Աւելի վաղ Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու գիւղապետերը հաստատած էին, որ հայկական կողմէն շուրջ մէկ տասնեակ զինծառայող գերեվարուած է Հին Թաղերու ուղղութեամբ։
Նախօրէին էլ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածած էին նոր սպանուած հայ զինծառայողներու տեսանիւթ։