image
Հրատապ լուրեր:

Երբ խօսիս, «դուրսէն կը խօսի կոր» պիտի ըսեն եւ անոր համար կը նախընտրեմ Պոլսոյ մասին չխօսիլ. Աւօ Կազալ

 Երբ խօսիս, «դուրսէն կը խօսի կոր» պիտի ըսեն եւ անոր համար կը նախընտրեմ Պոլսոյ մասին չխօսիլ. Աւօ Կազալ

 Երբ «33 Ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը» հատորը կը պատրաստէի միտք ունէի անոր մէջ նաեւ տեղ տալ այն պոլսահայերուն, որոնք կ՚ապրին Պոլսոյ «հայկական սփիւռք»ին մէջ։ Պայմանը այն էր, որ անոնք ոչ միայն ապրում մ՚ունենան Պոլսոյ մասին, այլ կերպով մըն ալ առնչուած ըլլան իրենց գաղութներուն։

 Հատորը աճեցաւ ու բովանդակային առումով եթէ միայն հատ ու կենտ բաժին մը տայի «սփիւռքահայ» պոլսահայերուն, անարդար պիտի ըլլար աշխատութիւնս։ Գուցէ ապագային հնարաւոր ըլլայ աւելի հանգամանալից կերպով եւ ներկայացուցչական առումով ալ «ընդուելի» հանդիսացող հատոր մը կազմել, սակայն մինչ այդ այս էջով (ու հաւանաբար «Արեւելք»ով) պիտի ներկայացնեմ այդ զրոյցները։

 Այդ շարքի առաջին հարցազրոյցս Աւօ Կազալին հետ է։ Մեր հայրենակիցը, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, յաճախ կ՚այցելէ Երեւան եւ այդ առիթէն ալ օգտուելով անոր հետ ունեցայ հետեւեալ զրոյցը։

 

 

-Մեր օրերուն, ի՞նչ կը նշանակէ պոլսահայ ըլլալ եւ Պոլիսէն հեռու ապրիլ։

 

Դժուար հարցում է։ Պոլիսէն հեռու, որ կ՚ապրիս, այդ արդէն լաւ բան մըն է։ Պոլսոյ ճնշումներուն, մտահոգութիւններուն եւ այդ բոլոր երեւոյթներուն ենթակայ չես։ Ամերիկայի մէջ, ինչպէս բոլոր արտասահմանցիներուն, մէկը քեզի չի հարցներ՝ ո՞վ ես, ի՞նչ ես, ի՞նչ կ՚ընես։ Արտասահմանի ազատութիւնը՝ հանգստութիւնը, մանաւանդ Ամերիկայի՝ Նիւ Եորքի մէջ, չեմ կարծեր, որ ուրիշ տեղ մը կայ։ Օրինակ ես յիսուն-վաթսուն տարիէ ինքնաշարժ կը քշեմ, բայց չեմ կարծեր, որ Երեւանի մէջ կրնամ ինքնաշարժ վարել։

 

Ձեզի համար պոլսահայ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ՝ ըմբռնո՞ւմ է, գաղափա՞ր է, սէ՞ր է։

 

Իրականութեան մէջ, շատ բան չի նշանակեր։ Պոլսահայեր կան, որ կը կարօտնան ճաշատեսակները, ձուկը, եւայլն։ Ինծի համար ասոնք իմաստ մը չունին։ Ինծի համար Պոլիսը հօրեղբայրս էր, որ մնացած էր ընտանիքէս։ Ան ալ մահացաւ։ Հօրեղբայրս ըսած էր, որ ընտանեկան գերեզմանին տէր պիտի ըլլաս։ Ատիկա պատճառ մըն է, որ ես Պոլիս երթամ, տեսնեմ գերեզմանը, տէր ըլլամ, որ ուրիշին չծախեն։ Հոն ամէն բան կրնայ պատահիլ։ Հին ընկեր մըն ալ ունէի, որուն կ՚այցելէի, ան ալ մահացաւ մէկ տարի առաջ՝ համավարակէն։ Հիմա ան ալ չկայ։

 

-Ուրիշ յիշողութիւններ չե՞ս փնտռեր՝ մանկութեանդ փողոցները եւ հոն անցուցած տարիներդ։

 

Ոչ, նոյն՝ հին, նեղ փողոցները, ինչպէս որ են, տակաւին կեցած են։ Գիրքերը կը սիրեմ։ Նոսթալժի գրախանութը գիտե՞ս։ Սուհան՝ սեփականատէրը շատ լաւ բարեկամս է։ Ինքը հայերուն ալ բարեկամն է։ Ինչ գիրք, որ հրատարակուած է հայերուն մասին, իր խանութէն կրնաս ստանալ։

 

-Այսինքն, քեզի համար, Պոլիսը շօշափելի բաներն են։ Իսկ համայնքը քեզի բան մը կ՚ըսէ՞։

 

 

Համայնքը չեմ գիտեր, թէ ինչ կ՚ըսէ։ Բան մը կայ, որ իմացեր ես՝ կը խնդաս։ Ժամանակին «Հայ թերթ» մը կար, որ Մեսրոպ Սրբազանը կը հրատարակէր։ Մուրատ անունով անձ մը կար, որ Սրբազանին օգնականն էր, կ՚ըսէր. «Դուրսէն կազէլ նետողներ կան»։ Ինծի կ՚ակնարկէր, քանի որ մականունս Կազալ է։ Չէին ուզեր, որ դուրսէն մէկը իրենց խորհուրդ տայ կամ նոր գաղափար մը յայտնէ։ 

 

-Համայնքի վիճակը կը մտահոգէ՞ քեզ։ Կը հետեւի՞ս լուրերուն։

 

Անշուշտ կը հետեւիմ լուրերուն։ Ամէն օր «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» կը կարդամ։ «Ակօս»-ի լուրերն ալ երբեմն Ֆէյսպուքէն կը տեսնեմ։ Բայց մտահոգութիւն մը չունիմ, քանի որ իրենք իրենց կեանքը կ՚ապրին։ Անոնց ապրած կեանքը եւ արտասահմանի մէջ ապրողին կեանքը տարբեր բաներ են։

 

-Ինչո՞վ տարբեր են։

Անոնք չեն ուզեր արտասահմանի հետ կապ ունենալ, նոյնիսկ այս օրերուն։ Շատ մը ընկերներ ունիմ, որոնք զիս հեռուէն կը տեսնեն, բայց չեն մօտենար, չեն խօսիր։ Իրենցմէ որեւէ ակնկալիք մը չունիմ։ Ինծի համար ալ հարց մը չէ։

 

Վերջին տասը տարիներուն ի՞նչ փոխուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ պոլսահայութեան մօտ։

 

Բան մը փոխուեցա՞ւ արդեօք։ Հօրեղբայրս տարիներ «Կեդրոնական» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը եղած է։ Այն ատեն գամ մը չէիր կրնար գամել առանց հրաման առնելու պետութենէն, եւ երկար ժամանակ կը սպասէիր մինչեւ պատասխան մը ստանայիր։ Այդ տարիներուն, այդ պայմաններուն տակ, հօրեղբայրս ծայրէ ծայր կրցաւ նորոգել տալ դպրոցը։ Ի՞նչ փոխուեցաւ։ Այս փոխուեցաւ, որ հարցերը հիմա շատ աւելի դիւրին կը լուծուին։ Այո, բայց դարն ալ փոխուեցաւ, ժամանակները փոխուեցան։ Այո, պետութիւնը սկսաւ կարգ մը դիւրութիւններ տալ։ Այնպէս մը ըրաւ, որ քաղաքապետութիւններուն եւ թաղապետութիւններուն դերը աւելի զարգացաւ։ Օրինակ Քուրթուլուշի մէջ քաղաքապետ մը կար՝ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ հայերուն շատ մօտիկ էր։ Անոր փոխանորդն ալ հայ էր։ Այսպիսի դրական բաներ եղան, մէկը միւսէն սորվեցաւ։ Ես շատ համամիտ չեմ, որ հայերը եւ թուրքերը իրարու մօտիկ ապրին, բարեկամ ըլլան, եւայլն։

-Ինչո՞ւ։

Մեզի թուրքերէն օգուտ կու գա՞յ։

-Շատեր կ՚ըսեն, որ մենք թուրքերուն հետ հազար տարուայ պատմութիւն ունինք։ Այդ պատմութեան մէջ եղած են նաեւ լաւ էջեր։ Ես պատմագէտ չեմ, բայց լսածս կ՚ըսեմ։

Լաւ էջե՞ր։ Արդեօ՞ք։ Չեմ հաւատար այդ մէկուն։ Չեմ խորհիր, որ հայերը եւ թուրքերը, պատմութեան ընթացքին որեւէ ատեն լաւ կամ համերաշխ ապրած են։ Գոնէ վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը լաւ գիտեմ։ Անկէ առաջ ալ՝ թուրքերը, քիւրտերը կու գային հայերուն գիւղերը կը կողոպտէին եւայլն։ Գրող Ռաֆֆին շատ լաւ նկարագրած է այդ ամէնը իր վէպերուն մէջ։

 

-Արդեօք մենք ալ պատճառ չե՞նք եղած, որ այդ վիճակը ստեղծուի։ Թոյլ ժողովուրդները միշտ այսպէս ոտքի կոխան կ՚ըլլան։ 

 

Այո՛, ճիշդ էք։ Հիմնական հարց կայ՝ եթէ չունիս զէնք, ոչինչ ես։ Եթէ զէնքով դիմադրելու ուժը չունիս, ոտքի կոխան կ՚երթաս։ Այսօր Իսրայէլը, որ անհամար արաբներով շրջապատուած է, ինչպէ՞ս կրնայ դիմադրել՝ զէնքի ուժով։ Արաբները քարիւղ ունին, բայց Իսրայէլին ըրածը չեն կրնար ընել, քանի որ ան զէնքի ուժով ինքզինք կը պարտադրէ։

 

-Անոնք, որ տակաւին Պոլիս կ՚ապրին, ձեզի պէս չեն մտածեր։

 

Իմ ատենս, Պոլսոյ մէջ եօթանասուն հազար հայ կար։ Այսօր ալ եօթանասուն հազար հայ կայ։ Քառասուն տարուան մէջ ինչո՞ւ չփոխուեցաւ։ Շատեր գաղթեցին եւ ուրիշներ տակաւին կը գաղթեն, բայց անոնց տեղը Անատոլուէն՝ գաւառէն հայեր կու գան, որոնք նոյնիսկ հայախօս չեն։ Տարբեր են պոլսահայերէն։ Անշուշտ չես կրնար ընդհանրացնել։ Անոնց մէջ ալ ազգասէր մարդիկ կան։

 

-Բայց մէկ տարբերութիւն կայ, որ պոլսահայերը, որ հոն կ՚ապրին, կը սիրեն իրենց երկիրը։

 

Իրականութեան մէջ, այն երկրին մէջ որ կ՚ապրիս, պէտք է սիրես։ Ես Ամերիկան կը սիրեմ։ Քաղաքականութեան հետ չեմ համաձայնիր, բայց երկիրը կը սիրեմ։ 

 

-Պոլսոյ մէջ եւ Պոլիսէն դուրս ապրող հայերուն միջեւ յարաբերութիւններ կա՞ն։

 

Չեմ կրնար ըսել, որ սերտ յարաբերութիւն կայ։ Ժամանակին թերեւս աւելի սերտ էր։ Իրականութեան մէջ՝ պէտք ալ չկայ։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ հոն ապրողները կը գանգատին, որ արտասահմանէն իրենց դրամական օգնութիւն չի գար։ Բայց ինչո՞ւ համար պիտի գայ։ Շիշլիի գերեզմանին ճամբուն վրայ Մարիոթ հիւրանոցը կայ, անոր կէսը հայերուն է՝ Գարակէօզեանինն է։ Այդ հսկայ հիւրանոցին կէսը հայերուն է։ Օրթագիւղի հողերը ետ առին, կառավարութիւնը քանի մը բաներ վերադարձուց։ Անոնք պէտք չունին արտասահմանի օգնութեան։

 

- Հիմա կ՚ըսէք թէ պէտք չկայ, բայց Հրանդ Տինքի ժամանակ, երբ ան հրապարակ ելաւ, փորձեց նաեւ խօսիլ Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայերուն հետ։

 

Իբրեւ թէ։ Այդ բոլորը ձեւակերպութիւն էր։

 

- Ձեր քով ալ գնաց՝ Լոս Անճըլըս, այդ բոլորը ձեւակա՞ն էր։

 

Կը խորհիմ, թէ այդպէս էր։ Ով որ Թուրքիոյ մէջ հայկականութեան հետ կապ ունի, կը խօսի Ցեղասպանութեան մասին, օրինակ Կարօ Փայլանը, կարգ մը լրագրողներ, ատենը մէկ արտասահման կ՚երթան, թուրքերուն ցոյց տալու համար, որ պոլսահայերը արտասահմանին մէջ կռնակ ունին՝ տէր տիրական ունին։ Հրանդ Տինքն ալ արտասահմանի մէջ հետեւորդները ունէր եւ աւելի կ՚ուզէր ընդլայնել։ Ես կը կարծեմ, որ Հրանդը իր գործէն շատ աւելի մեծ բաներու մէջ մտաւ։ Քաղաքական գործիչ չէր, հարցերուն շատ խորը պէտք չէր մտներ։ Կարօ Փայլանը, որ նոյն բաները կ՚ընէ հիմա, քաղաքական գործիչ է՝ Տիարպէքիրի ներկայացուցիչ է։ Այսօր, Տիարպէքիրը, կրնաս ըսել, որ քիւրտերուն մայրաքաղաքն է։

 

- Յաճախ Պոլսոյ մասին խօսելով, կ՚ըսեմ, որ Պոլիսը մեր վերջին պատուհանն է դէպի Թուրքիա։ Պէտք չէ գոցել այդ պատուհանը։ Կարծեմ այդ մօտեցումին ալ շատ համաձայն պիտի չըլլաք։

 

Չհասկցայ, թէ ինչ պատուհան մըն է։

 

- Մենք, աշխարհագրական իմաստով, չենք կրնար Հայաստանը առնել եւ ուրիշ տեղ տանիլ։ Անոնք մեր հարեւաններն են, այդ երկիրներն են մեր շուրջը։ Նամանաւանդ քաղաքական այսօրուան կացութեան մէջ՝ պէտք է ձեւով մը կարենանք խօսիլ Թուրքիոյ հետ։ Արդեօք կը կարծէ՞ք, որ պոլսահայութիւնը ընելիք մը ունի այս իմաստով։

 

Պոլսահայութիւնը, նախ այդ տեսակ հասունութիւնը չունի՝ քաղաքական հասունութիւնը ըսել կ՚ուզեմ։ Անոնց հարցուր, որ Վոսփորի վրայ ո՞ւր ճաշենք, քեզի ամէնէն լաւ ճաշարանները կը տանին։ Կամ եթէ հարուստ դասակարգին հետ բարեկամ ես, քեզի իրենց շոգենաւերուն վրայ կը նստեցնեն, ճաշկերոյթներ կ՚ընեն։ Եկուր հարցումիդ ձեւը փոխենք եւ ըսենք, թէ՞ քանի հայ կայ Պոլսոյ մէջ, որ համամիտ է կամ կ՚օժանդակէ Կարօ Փայլանին։ Պատասխանը՝ հարիւրէն երկու հարիւր հոգիի միջեւ։ Ես այդպէս կը խորհիմ։ 

 

- Իսկ եթէ լսես, որ Պոլսոյ մէջ հայկական դպրոց մը կը փակուի, կը մտահոգուի՞ս։ Կ՚ուզե՞ս որ Պոլիսը շարունակէ գոյատեւել։

 

Անշուշտ կը մտահոգուիմ՝ ցաւ կը պատճառէ։ Չեմ ուզեր, որ Պոլսոյ հայերուն կամ գաղութին, կամ կառոյցներուն որեւէ վնաս հասնի։ 

Ի հարկէ կ՚ուզեմ, որ Պոլիսը գոյատեւէ եւ շարունակէ ապրիլ, բայց պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ըսել, որ պէտք եղածէն աւելի եկեղեցիներ եւ դպրոցներ կան։ Թաղամասեր կան, ուր հայկական եկեղեցիներ կան, բայց այդ շրջանին մէջ մէկ հայ անգամ չի բնակիր։ Այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընել։ 

 

- Իսկ ձեզի պէս մտածող պոլսահայեր, Սփիւռքի մէջ քով-քովի չե՞ն գար, կամ Պոլիսը այլեւս անցած թեմա՞ է։

 

Այո, անցած թեմա է։ Եթէ բան մը ըսես արտասահմանէն՝ «դուրսէն կը խօսի կոր» պիտի ըսեն։ Հետաքրքրական բանը, որ եղաւ, տասը տարիներ ետք, համայնաքային կազմակերպութիւններու ընտրութիւններուն հրաման տրուեցաւ։ Եթէ զանազան անձերու մտիկ ընես, ոմանք շատ գոհ են, ոմանք ալ՝ դժգոհ։ Պէօղլուի թաղային խորհուրդը կայ։ Հոն կայ երկու եկեղեցի, Եսայեան վարժարանը, Թոքաթլեան խանը, որ փլատակ է, բայց իբր թէհիմա կը նորոգեն։ Հոն եթէ պանդոկ մը կառուցեն կամ վաճառականական կեդրոն մը կառուցեն, դրամական մեծ մուտք կ՚ըլլայ համայնքին։

 

 

 Զրոյցը՝ Սագօ Արեանի