Այսօր առաւօտեան Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանի բակին մէջ տեղադրուած եղեւնիին տակ կասկածելի արկղ յայտնաբերուած է: Այս մասին կը տեղտկացնէ Shamshian.com-ը:
Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանութեան ծառայողները կասկածելի արկղը տեղափոխած են անվտանգ վայր: Պարզուած է, որ արկղի մէջ եղած է 2 քոնեակի շիշ` անյայտ ծագման հեղուկով, փլասթիլին, փոքրածաւալ կուտակիչ, մետաղալարեր եւ ճայթիչներ, որոնք նմանեցուած են պայթուցիկ սարքի:
ՀՀ ոստիկանութեան ԶԼՄ-ներու հետ կապի, վերլուծութեան եւ լրատուութեան բաժնի պետ Էտկար Ճանոյան պարզաբանած է, որ իրականութեան մէջ յայտնաբերուածը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ եւ գրաւուած է: Դէպքի հանգամանքները պարզելու համար նշանակուած է փորձաքննութիւն։
Աղբիւրը `Շամշեան Shamshyan.com