image

Էմանուէլ Մաքրոն. «Մենք թոյլ չենք տար, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածը գրաւէ»

Էմանուէլ Մաքրոն. «Մենք թոյլ չենք տար, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածը գրաւէ»

Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը կը գրէ.

Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնը իր «անհանգստութիւնը» յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած «ռազմաշունչ» յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:

Լաթվիայի Մայրաքաղաք՝ Ռիկայի մէջ, մամուլի ասուլիսին ընթացքին ան ըսած է. «Նկատած եմ Թուրքիոյ քաղաքական յատարարութիւնները, որոնք կարծիքովս, անպատասխանատու եւ վտանագաւոր են»: Ան աւելցուցած է. «Ֆրանսան խորապէս մտահագուած է վերջին ժամերուն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած պատերազմական հաղորդագրութիւններով, որոնք ըստ էութեան Ատրպէյճանի նկատմամբ որեւէ սահմանափակում կը վերացնեն, ինչ բանը կրնայ տանիլ վերջինիս Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածին վրայ վերահսկողութիւնը վերականգնելուն, իսկ մենք, թոյլ չենք տար, որ այդ բանը պատահի»:

Ֆրանսայի Նախագահը նկատել տուած է, որ ներկայ հանգրուանին անթոյլատրելի է խօսիլ «հակամարտութիւնը տարածաշրջանային դարձնելու» մասին, աւելցնելով, որ «պէտք է փաստերուն տարրերը ճշդել, հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահած է ճշգրտօրէն, եւ որո՞ւ վրայ կ'իյնայ պատասխանատուութիւնը»:

Մաքրոն Հայաստանին ու հայերուն դիմելով, ըսած է. «Հայաստանին ու հայերուն կ'ըսեմ, որ Ֆրանսան իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ»:

Անգարան այս յայտարարութեան բուռն կերպով պատասխանած է՝ Արտաքին Գործերու իր Նախարարին՝ Մեւլութ Չաուշօղլուին միջոցով, որ իր հերթին ըսաւ. «զօրակցութիւնը, որ Մաքրոնը յայտնեց Հայաստանին, առանց ատրպէյճանական հողերուն ուշադրութիւն դարձնելու, կը նշանակէ, որ ան կը սատարէ գրաւումին»: