ԵԱՀԿ-ը ձախողեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Մինսքի խումբը չկրցաւ ստեղծել հակամարտող կողմերու միջեւ երկխօսութեան պայմաններ։ Այս մասին rg.ru-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Եւ երբ խումբի արեւմտեան մասնակիցները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, հրաժարեցան համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ, այդ խումբը ամբողջովին կորսնցուց իր իմաստը»,– ընդգծած է Լաւրովը։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ստեղծուած է 1992-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով։ Խումբին համանախագահներն են՝ Ռուսիա, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա։ Խումբին մէջ կը ներառուին նաեւ Գերմանիան, Պելառուսիան, Իտալիան, Թուրքիան, Ֆինլանտան, Շուէտը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը։
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի լուծարումը Ատրպէյճանի կողմէ առաջադրուած երկու նախապայմաններէն մէկն է՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար։ Ապրիլ ամսին, Ազգային Ժողովին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած էր, որ միաժամանակ ստորագրուին խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի լուծարման մասին յայտարարութիւնը։
Խումբի գործունէութիւնը փաստացի կասեցուած է 2022-էն ի վեր, քանի որ համանախագահները դադրեցուցած են համագործակցութիւնը։ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն աւելի առաջ ըսած էր, թէ 2022-ի Փետրուարէն սկսեալ Մինսքի խումբի համանախագահները դադրած են որեւէ շփում ունենալէ ռուսական կողմին հետ։