Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագրերը վիճարկուած են 2024 թուականի ձմեռնային լիագումար նստաշրջանի բացման օրը։
Անդադառնալով հարցին՝ Ֆրենք Շուապեն (Գերմանացի պատգամաւոր) նշած է երկրի մէջ քաղբանտարկեալներու առկայութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղէն մարդոց բռնի տեղահանումը, այն փաստը, որ Վեհաժողովի զեկուցողները 2023 թուականի ընթացքին առնուազն երեք անգամ չեն կրցած այցելել Ատրպէյճան (Լաչինի միջանցք- խմբ.) եւ փետրուար 7-ին երկրի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու հրաւէր չեն ստացած: Անոր աջակցած են Վեհաժողովի առնուազն երեսուն անդամ։
Վիճարկումն անմիջապէս ուղարկուած է Վեհաժողովի հսկիչ յանձնաժողով՝ զեկոյցի եւ Կանոնակարգի յանձնաժողով՝ կարծիքի համար։ Վեհաժողովը հարցը պիտի քննարկէ յունուար 24-ի երեկոյեան:
Կանոնակարգի համաձայն՝ Վեհաժողովը պէտք է քուէարկէ երեք տարբերակներէն մէկու օգտին՝ վաւերացնել հաւատարմագրերը, չվաւերացնել զանոնք կամ վաւերացնել՝ պատուիրակութեան անդամները զրկելով որոշակի իրաւունքներէ։
Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անդամները կրնան ժամանակաւորապէս մասնակցիլ նիստերուն նոյն իրաւունքներով, ինչպէս Վեհաժողովի միւս անդամները, մինչեւ վեհաժողովը որոշում կայացնէ, բայց պատուիրակները իրենց հաւատարմագրերու քննութեան հետ կապուած որեւէ գործընթացի պիտի չմասնակցին: