image

«Եկած ենք լոյս սփռելու Ազրպէյճանի մութ անցեալին վրայ» Աւստրալիոյ Դաշնակցական երիտասարդները բողոքի հաւաք կատարեցին (Տեսանիւթ)

«Եկած ենք  լոյս սփռելու Ազրպէյճանի մութ  անցեալին վրայ» Աւստրալիոյ Դաշնակցական երիտասարդները բողոքի հաւաք  կատարեցին (Տեսանիւթ)

ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման»  եւ «Բեկոր» մասնաճիւղերու
երիտասարդները շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2017-ին  Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ խաղաղ ցոյց   եւ  մոմավառութիւն կացմակերպեցին, ի յիշատակ Արցախի մէջ նահատակուած զինուրներուն:

Հայ երիտասարդները Սիտնէիէն ճամբորդած էին Քամպէրա, Աւստրալիոյ մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ մոմեր վառած եւ երգած են յեղափոխական երգեր:

 

 Այս  մասին  տեղեկութիւնը տրուած է Աւստրալիոյ ՀՅԴ  երիտասարդութեան լուրերը  փոխանցող  AYF  Australia      դիմատետրի էջով:

 

«Այս ջահերով այսօր պիտի լուսաւորենք Ազրպէյճանի մութ անցեալը: Այս ջահերը   վկայութիւն են     հերոս մեր նահատակներուն  մասին , որոնք նահատակուեցան Արցախը ազատագրելու համար: երգելով մեր ձայնի պիտի լսելի պիտի դարձնենք ամբողջ աշխարհին, որ Արցախը ազատ եւ անկախ երկիր է»,- ըսած է երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչը:

 

Այս միջոցառումը կազմակերպուած էր Աւստրալիոյ ՀՅԴ-ի երիտասարդական միութեան իրականացուցած «Արցախի մասին իրազեկման շաբաթ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս:Նախաձեռնութեան նպատակն է  լայն հասարակութեան իրազեկ դարձնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի մասին:

 

 

 Նոյն      նախաձեռնութեան  ծիրէն ներս հայ  երիտասարդները   կատարած են արեան տուուչութեան  արշաւ մը: