image

Երեւանի մէջ. Բողոքի հաւաք է կառավարութեան շէնքին դիմաց

Երեւանի մէջ. Բողոքի հաւաք է կառավարութեան շէնքին դիմաց

Ոսկիի շուկայի խումբ մը աշխատակիցներ բողոքի ցոյց կը կատարեն ՀՀ կառավարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք կը բողոքեն շրջանառութեան հարկի կրկնակի բարձրացումէն եւ կը պահանջեն բացատրել, թէ ինչպէս ապահովեն ՊԵԿ-ի պահանջած փաստաթղթաշրջանառութիւնը։

«Մարդը եկել է, ուզում է 10-գրամանոց շղթան փոխել 15-գրամանոցի։ Ես վերցնում եմ էդ շղթան, էդ ո՞նց եմ գրանցելու, փաստաթղթաւորելու, տուածս ո՞նց եմ փաստաթղթաւորելու։ Այ էդ բաները մեզ պէտք է բացատրել։ Հիմա մեզ թուղթ են տուել, որ պէտք է մեր սեղանի եղածը գոյքագրենք։ Համաձայն ենք, գոյքագրենք, կառավարութիւնն ուզում է իմանալ, թէ ամբողջ Հայաստանի տարածքով ինչքան ոսկի կայ մեր հարկատուների ձեռքին, բայց գոյքագրելուց յետոյ եկաւ հարկայինը, ես ցոյց տուեցի 5 կգ ոսկի, կշռեց, եղաւ 5,2, ինձ ասելու է՝ էդ 200 գրամի փաստաթուղթը ցոյց տուր, չեմ կարողանալու, 20 տոկոսով տուգանելու է ինձ»,-ըսած է բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։

Ան աւելցուցած է՝ թող բացատրեն, թէ եթէ գողը 100-կրամանոց շղթայ մը տարաւ, ինչպէ՞ս այդ պէտք է ցոյց տան, ապացուցեն։

Կառավարութենէն կը պահանջեն չեղարկել Հարկային օրէնսգիրքի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, քննարկել իրենց հետ, նոր միայն փոփոխութիւններ նախաձեռնել։

Անոնց խօսքով` բոլորն ալ կ՚ուզեն օրէնքի դաշտի մէջ աշխատիլ, բայց երբ իրենց համար օրէնսդրօրէն այնպիսի դժուարութիւններ կը ստեղծուին, որոնք իրագործելի չեն, իրենք դէմ են։ Կը պնդեն՝ ոսկեայ զարդերու վաճառքի ոլորտին մէջ գոյքագրում ընելն անհնար բան է։

Յիշեցնենք` Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եղած են, որոնցմէ մէկով կրկնակի կը բարձրանայ շրջանառութեան հարկի դրոյքաչափը։ Օրէնքի մէկ այլ փոփոխութեամբ շրջանառութեան հարկով աշխատող շարք մը ոլորտներ կ՚անցնին աւելացուած արժէքով հարկուող համակարգ։ ՀՀ կառավարութեան նպատակն է փուլ–փուլ հրաժարիլ արտօնեալ համարուող շրջանառութեան հարկէն եւ բոլոր ոլորտները բերել մէկ ընդհանուր` ԱԱՀ համակարգ։

Այն միքրոձեռնարկատէրերը եւ ՓՄՁ–ները, որոնք կը գործեն կամ կը սկսին գործել շրջանառութեան հարկի համակարգին մէջ (այս հարկման շեմը տարեկան մինչեւ 120 մլն դրամ է. խմբ.), 2025 թուականէն ստիպուած պիտի ըլլան վճարել կրկնակի դրոյքաչափով։

Ըստ այդմ` առեւտուրի կառոյցներու համար հարկը սահմանուած է 10%, արտադրութեան պարագային` 7%, հանրային սնունդի պարագային` 12%։