Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքներու արդէն 12 տարին լրացաւ, որուն կէսը հետազօտական ուսումնասիրական բազմաբնոյթ եւ նախագծային փուլն էր, երկրորդ փուլին սկսան բուն շինարարական աշխատանքները: Այս մասին Մայր Տաճարէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ճարտարապետ Ամիրան Բադիշեանը:
Ան շեշտած է, որ սկսած հիմնատակերէն, վերջացած Մայր եկեղեցւոյ խաչով, իրականացուած են ամրակայման բազմաբնոյթ աշխատանքներ:
«Խաչի մասով շահարկումներ եղան: Պէտք է ասեմ՝ Մայր Տաճարի խաչը, որ տեղադրուած էր 17-րդ դարուն, համապատասխան արձանագրութիւն գոյութիւն ունէր իր վրայ, իրականացուած էր լատունի բարակ թիթեղներից եւ գտնւում էր խիստ քայքայուած, կարելի է ասել` գոյութիւնը չպաշտպանող վիճակում»,-ըսած է ան:
Ճարտարապետի խօսքով, թանգարանին մէջ խաչը կը ցուցադրուի ինչպէս որ հեռացուած է, առանց որեւէ միջամտութեան:
«Մեր աշխատանքներն արդէն աւարտուել են, նոր բրոնզաձոյլ խաչը, որը, չասեմ ճիշդ կրկնօրինակն է, բայց ոճական եւ չափային առումով կրկնում է ապամոնտաժած խաչը»,-ըսած է ան: