image

Եասէր Արաֆաթ.Ձիթենիի ճիւղ, գնդացիր, Հայոց Վանք

 Եասէր Արաֆաթ.Ձիթենիի ճիւղ, գնդացիր, Հայոց Վանք

«Հայերը մեր եղբայրներն են, որոնք մեր հետ ապրեցան ու կ՚ապրին, որպէս յարգուած համաքաղաքացիներ» 

 Եասէր Արաֆաթ. ՄԱԿ-ի ամպիոնէն 1974 -ին 

 

 

 17 Տարի առաջ այս օրերուն իր աչքերը յաւերժութեան փակեց պաղեստինցի մեծ առաջնորդ Եասէր Արաֆաթը։

 Բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած Արաֆաթի անունը ուղակիօրէն կապուեցաւ «Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան», աւելի շատ յայտնի ՝ PLO անունին, որ զինեալ մեծ պայքարներ տարաւ Իսրայէլի դէմ։

 Պաղեստինցիներուն համար, ու յատկապէս անոնց, որոնք հեռացուեցան իրենց հողերէն շատ կարեւոր փուլ եղաւ լիբանանեան ժամանակաշրջանը ։

 1960 -ականներէն ընթացք առած այդ փուլը նշանաւորուեցաւ զինեալ պայքարով, որ սկիզբ առաւ Լիբանանի հարաւէն նպատակ ունենալով ֆետայական գործողութիւններ իրականացնելով նեղ կացութեան մատնել Իսրայէլը։

 

 Մեծ հաշուով Արաֆաթ չկարողացաւ յաջողիլ իր ծրագիրներուն մէջ, սակայն ան կարողացաւ վերջնականաօրէն հիմնաւորել այն գաղափարը, որ պաղեստինեան մեծ խնդիրը պէտք է լուծում գտնէ պաղեստինեան շահերը յարգելով, վերջ տալով անարդարութեան ու նաեւ ճանապարհ մը գծելով դէպի երկու պետութեանց լուծում։

 

 Անշուշտ թեման շատ տարողունակ է, սակայն էականն այն է, որ Եասէր Արաֆաթի առաջ տարած գիծին մէջ կար Իսրայէլի հետ «լեզու գտնելու» ընտրանք մը, որ ինչ-ինչ պատճառներով ու մանաւանդ իսրայէլեան կողմին թոյլ տուած անարդարութիւններով յաճախ դարձաւ պաղեստինեան աւելի ռատիքալ ու նաեւ կրօնական խմբաւորումներու աճին։ Այդ խմբաւորումները աճեցան, իսկ շրջանին մէջ մեծ եւ արդար խաղաղութիւնը մը կերտելը դարձաւ «հեռաւոր երազ»։

 Ի դէպ Արաֆաթի մեծ երազն էր ստեղծել ինքիշխան պետութիւն, որուն տիրացաւ եւ որուն կեդրոնը այսօր իր կերտած «Ֆաթհ» կուսակցութեան գլխաւոր քատրերով կը ղեկավարուի կեդրոն ունենալով ՝Ռամալլան։

 

 Արաֆաթ մեծ սխալներ գործեց Լիբանանի մէջ։

 Անոր հաւատացուցին, որ Լիբանանը կրնայ դառնալ Պաղեստինին «այլընտրանք պետութիւն մը» («Ուաթան պատիլ») ու այդ գիծը բռնելով ալ գնաց զինեալ բախումներու ու դարձաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի գլխաւոր խաղացողներէն մին։

 Ան էր, որ յայտարարեց, որ «Երուսաղէմի ճամբան կ՚անցնի Ճիւնիէ»էն ու այդ պատճառով ալ հրահրեց քրիստոնեայ աջակողմեան թեքում ունեցող լիբանանցիները, որոնք իր մէջ տեսան Լիբանանի ինքնիշխանութեան թիւ մէկ թշնամին։ 

 

 Այդ փուլն անշուշտ բաւականին խճճուած փուլ մըն է, որուն մէջ կան Սուրիոյ, Իսրայէլի, հետեւաբար նաեւ Սովետ Միութեան, Միացեալ Նահանգներու փոխազդեցութիւնները շահերու բախումները ու նաեւ փոքրիկ պատերազմներու ենթափուլերը։ 

 

 Իսկ այդ փուլի աւարտը նշանաւորուեցաւ 1982 թուականին տեղի ունեցած պատերազմով, երբ իսրայէլեան բանակը հասաւ մինչեւ Պէյրութ հալածելու համար PLO-ի ռազմիկները, որոնց հիմնական մէկ մասը՝ Արաֆաթի գլխաւորութեամբ հեռացուեցաւ Լիբանաէն դէպի Թունիզ։

 Արաֆաթ շնորհիւ իր պայքարելու կամքին, գաղափարներուն եւ նուիրեալ ռազմիկի օրինակին դարձաւ համարաբականութեան նոր խորհրդանիշ։

 Մանաւանդ, որ ան կ՚աճէր Եգիպտացի մեծ առաջնորդ Ժամալ Ապտըլ Նասէրի ստեղծած ու կերտած ժամանակաշրջանէն անմիջապէս ետք ու ձեւով մըն ալ դառնալով արաբները միացնող գործօն եւ անուն։

 

 Արաբական աշխարհը, մեծ հաշուով սիրեց Արաֆաթը, ու անոր «ազդեցութեան գօտին» հասաւ մինչեւ Մարոք, Ալճէրիա եւ Թունիզ։

 Անշուշտ ոչ բոլոր արաբ առաջնորդներուն համար ձեռնտու էր, որ Արաֆաթի նման կերպար մը, որ կազմուած պետութեան մը առաջնորդը կամ նախագահը, կամ էմիրը չէր, ու իր երկրին համար կը պայքարէր ընդունելով աքսորեալի կերպար, այդքան աճի ու դառնայ դրօշակ՝ զինեալ պայքարի եւ ազատութեան։

Ու այդ ներքին լարուածութեան եւ ներքին նախանձի ֆոնին ալ տարբեր վայրերու, տարբեր ժամանակներու ու տարբեր պայմաններու տակ «հալածեցին» Եասէր Արաֆաթը ու նոյնիսկ մասնակից ալ դարձան, որ ան կտրուի իր հողի հարեւանութիւնէն (Լիբանանեան գետինէն) ու հեռացուի դէպի հեռաւոր ափեր։

 

 Ի դէպ այս փուլէն առաջ էր նաեւ, որ Արաֆաթ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւ առաջին անգամն էր, երբ որպէս առաջնորդ ամբողջ աշխարհին ներկայացուց պաղեստինեան դատը եւ ցոյց տուաւ արդար լուծման իրական ճանապարհը։ 

 «Մէկ ձեռքին ձիթենիի ճիւղ եւ միւս ձեռքին ալ գնդացիր» ահա այս բառերով վերլուծաբանները նկարագրեցին Եասէր Արաֆաթի խօսքը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն (1974), որ խորքին մէջ առաջին քարն էր ապագային բարձրանալիք լուծումներու այն շէնքէն, որուն հիմքը երկու պետութեանց լուծումը պիտի ըլլար։ 

 Այդ լուծումը անշուշտ մշակուած էր ԱՄՆ նախագահ Պիլ Քլինթընին կողմէ, սակայն մինչեւ այդ օրը հասնիլը Արաֆաթ ու անոր հաւատացող ռազմիկները, որոնցմէ շատ-շատեր նահատակուեցան համոզում մը տուին աշխարհին, որ զինեալ պայքարի ճանապարհը միայն կրնայ համընդհանուր արդարութեան մը ճանապարհ բանալ։

Աշխարհը տարբեր ժամանակներու մէջ էր անշուշտ, կար Սովետական Միութիւն, կար «Պաղ պատերազմ» ու կային բոլորովին այլ պայմաններ, սակայն Արաֆաթ շնորհիւ իր աննկուն կամքին աշխարհին պատգամեց, որ «ժողովուրդները արդար իրաւունք ունին ինքնորոշուելու»։

 Գալով հայկական կտրուածքին Արաֆաթ եղաւ այն քաջարի առաջնորդը, որ դէմ կանգնեցաւ Հայոց Վանքի մասնատման, բան մը, որ ինչ-ինչ հաշիւներու նպատակով մէջտեղ «նետուած էր» այդպիսով իբրեւ թէ լուծելու համար Երուսաղէմ քաղաքի հարցը։ 

 Այդ քարտէզը կը միտէր սահման գծել Հայոց Պատմական վանքին մէջ ու ձեւով մըն ալ այդ վանքը մասնատել, կիսել երկու հատուածներու, որուն մէկ հատուածը պիտի իյնար արաբական-պաղեստինեան տիրապետութեան, իսկ միւս կողմը իսրայէլացիներուն կողմը։Այդպիսով մեր վանքը, պիտի դառնար կտրուած, անթեւ ու վիրաւոր ու ժամանակի ընթացքին ալ անոր դերն ու ներկայութիւնը, որպէս մէկ եւ միասնական միաւոր, հետեւաբար նաեւ գործօն պիտի վերացուէր ու ոչնչացուէր ...։

 Ահա այդ օրերուն էր, որ Արաֆաթ հնչեցուց իր յայտնի խօսքը, եւ ըսաւ «Ես Արաֆաթ չեմ միայն, ես Եասէր Արաֆաթեան եմ», այդպիսով ալ իր զօրակցութիւնը ցոյց տաուաւ Հայոց Վանքին ու ամբողջ հայութեան։ Անշուշտ այս մօտեցումէն ալ անդին, Արաֆաթ եւ անոր առաջին կարգի օգնականները միշտ ալ դրական եւ ջերմ կապեր ունեցան Լիբանանի հայ քաղաքական շրջանակներուն , մասնաւորապէս ալ ՀՅԴ-ի քաջարի ղեկավարութեան յայտնի գործիչներուն հետ, հնարաւորինս համագործակցելով ու պահպանելով (երկուստէք) իրաքանչիւր կողմի անվտանգութիւնը եւ անզէն քաղաքայիններու ապահովութիւնը։ Ու այդ շունչով ու ոգիով էր, որ ՀՅԴ աննկուն ու քաջ մարտիկ Աբրահամ Աշճեան կարեւոր ճիգեր գործադրեց ու նաեւ օգտակար եղաւ, որ պաղեստինցիներ նոր ջարդի չենթարկուին ու միջոցներ եւ ճանապարհ ալ ցոյց տուաւ, որ պաղեստինցի զինեալներն ու մանաւանդ անզէն քաղաքայիններ հեռանան քրիստոնեայ միլիցներու վտանգէն ու բառացիօրէն ՝ «ճիրաններ»էն։

Այս բոլորէն անդին Արաֆաթ «արժանացաւ» անփառունակ եւ անարդար ճակատագրի ու թուականին երկար ժամանակով իր Ռամալլայի կեցավայրին մէջ պաշարուած մնալէ ետք, տարուեցաւ Փարիզ բուժման համար, ուր եւ փակեց իր աչքերը՝ յաւերժին (2004 )։

 

 Շատեր կը գրեն, կը վերլուծեն, փաստեր կը հանեն, որ Արաֆաթ թունաւորուած էր, որուն հետեւանքով ալ մահացաւ։

 Աւելի ուշ անոր կնոջ՝ Սուհա Արաֆաթի ճիգերով անոր աճիւնները քննութեան ենթարկուեցան, բացայայտելու համար, որ արդեօք ան իրապէս թունաւորուած է՞ր թէ ոչ, սակայն մինչեւ այս պահը այդ մասին վերջնական վճիռ մը չկայ։ Յայտնի բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշ, որ եղաւ անոր պէյրութեան օրերու ամենավստահելի ընկարկացիներէն մին մեծ ղեկավարին մասին գրելով ըսած է «Արաֆաթ եղաւ ամենաերկար խորագիրը իմ կեանքին մէջ։ Անոր անունը Պաղեստինի նոր անունններէն մին է։ Այն Պաղեստինին, որ ոտքի ելաւ աքսորի մոխրիէն եւ նետուեցաւ դիմադրութեան կրակին մէջ, այն Պաղեստինին, որ դարձաւ պետականութեան գաղափար ...»։

 Արաֆաթ կերպար է, որ միշտ պիտի յիշատակուի, կերպար որուն օգտագործած շալը միշտ ալ պիտի յիշուի, եւ կերպար, որուն անունը համազօր է արդարութեան համար իրական պայքարի...։ Ան սերունդներուն համար եղաւ պայքարի խորհրդանիշ եւ իրական դպրոց, որ ապրեցաւ, գործեց ու մահացաւ յանուն գաղափարի։

 

Սագօ Արեան 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...