image

ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները դատապարտած են տարեմուտին ազրպէյճանական յարձակման փորձը

ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները դատապարտած են տարեմուտին ազրպէյճանական յարձակման փորձը

ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ տարեմուտին՝ 29 Դեկտեմբերին ազրպէյճանական յարձակման փորձի կապակցութեամբ։ 

«Երեւանն ու Պաքուն կը շարունակեն զիրար մեղադրել 2016 թուականի 29 Դեկտեմբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանին գրանցուած ներխուժման փորձին համար, որուն հետեւանքով զոհեր եղան:
Հայաստանի զինուած ուժերը դեռ կը պահեն Մարտի մէջ սպաննուած ազրպէյճանցի զինծառայողի դին։ Հրադադարի ռեժիմի խախտումը անընդունելի է եւ կը հակասէ կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Համանախագահները Հայաստանի ու Ազրպէյճանի առաջնորդներուն կոչ կ'ուղղեն խստօրէն հետեւիլ 2016 թուականին բարձր մակարդակով Վիեննայի ու Ս. Փեթեսպուրկի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ ներառեալ կարճ ժամանակի մէջ միջադէպերու հետաքննման ԵԱՀԿ մեխանիզմի ստեղծման որոշման:

Համանախագահները  կոչ կ'ուղղեն նաեւ անյապաղ վերադարձնել աճիւնը՝ 2010 թուականին բարձր մակարդակով Աստրախանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան՝ հաշուի առնելով տուեալ հարցին բացառապէս մարդասիրական բնոյթը։

Մենք կողմերուն կոչ կ'ուղղենք դադրեցնել փոխադարձ մեղադրանքներն ու ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները իրավիճակը կայունացնելու համար։

Համանախագահներն իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, որոնց Նոր Տարուան հետ կապուած յոյսերը մթագնեցան անիմաստ կորուստի վիշտէն»։