Թուրքիա- (Daily Sabah-Պոլիս) Դիմակաւոր զինեալներ Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան յարձակում գործած են մարդատար կառքի մը վրայ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ գրոհողները անդամ են ձախակողմեան «Ժողովրդային Յեղափոխութեան Ճակատ» շարժումին: Թէեւ գրոհին հետեւանքով վիրաւորներ չեն ինկած սակայն «Մոլոթով» տիպի հրթիռներուն հետեւանքով մարդատա «պաս»ը ամբողջութեամբ հրկիզուած է: Դէպքը տեղի ունեցած է Պոլսոյ Օքմէյտան հրապարակին մօտ: