image
Հրատապ լուրեր:

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսական շարքով հանդէս պիտի գայ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսական շարքով հանդէս պիտի գայ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի դասախօս, դոկտ. Հրաչ  Չիլինկիրեանը 11-էն 17-ը նոյեմբերին դասախօսութիւններու շարքով՝ հայերէն եւ անգլերէն, հանդէս պիտի գայ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

11 նոյեմբեր-ին ան Արցախի պետական համալսարանին մէջ պիտի ներկայացնէ«Կրօնական ծայրայեղականութիւն, ռազմական հիմնախնդիրներ եւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները» նիւթով դասախօսութիւն, նոյն օրը պտի դասախօսէ Շուշիի թեխնոլոկիական համալսարանէն ներս՝ «Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները, ներկայ խնդիրներ եւ ապագայի մարտահրաւէրներ» նիւթով: 

15 նոյեմբերին, Ժամը 16:30-18.00-ին Երեւանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս անգլերէն լեզոով պիտի ներկայացնէ  «The Other Citizens – Armenians in Turkey between Isolation and (dis)Integration» դասախօսութիւնը:

16 նոյեմբերին, ժամը 12-ին, Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ Չիլինկիրեան պիտի ներկայացնէ «Հետազօտութեան մեթոտաբանութիւն, յատկապէս՝ աղբիւրներու եւ ուսումնասիրութեան խնդիրներու քննարկում» խորագրով դասախոսութիւն: Իսկ դասախօսական շարքի վերջին օրը՝ 17 նոյեմբեր, ժամը 12:30-ին, դարձեալ Ամերիկեան համալսարանէն ներս, «Religious Extremism, military conflicts and Christian communities in the Middle East today» եւ նոյն օրը՝ ժամը 16-ին, Երեւանի պետական համալսարանի Մշակութաբանութեան ամպիոնէն ներս «Հայ եկեղեցին, հասարակութիւն եւ քաղաքականութիւն. խորհրդային ժառանգութեան ազդեցութիւնն ու մարտահրաւէրները» խորագրով դասախօսութիւնները: