Ամերիկահայ լուսանկարող- վաւերագրող, անմահանուն գրող՝ Վահէ Օշականի կրտսեր որդին նոր հատոր մը պատրաստելու աշխատանքներուն մէջ է։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Արայի դիմատետրեան էջին կատարուած գրառումէն, ուր ան կարեւոր մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ յառաջիկային իր նախաձեռնութեամբ եւ «Մահուան վատ նմանակում»՝ խորագիրը կրող հատորին մասին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք՝ Արային եւ ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնենք անոր գրառումը։
Սիրելի բարեկամներ,
Գրեթէ երկու տասնամեակներ առաջ եզակի հնարաւորութիւնը ունեցայ աշխատելու ֆիլմի բեմադրիչ Լէսլի Նիլի հետ (ստեղծագործելով նաեւ Գալիֆորնիոյ մէջ բանտարկուած երիտասարդներու հետ) պատմելու համար Գալիֆորնիոյ տարածքին բանտարկուած անհատներու մասին։ Երկար տարիներով իմ մտքին էր այս աշխատանքը գիրքի տեսքով հրապարակելը, եւ այսօր այդ երազը բռնած է իրականութեան ճամբան։
Հատորը հրատարակելու համար կը գործակցիմ լուսանկարչական արուեստի հեղինակաւոր հրատարակչութեան, Նիւ Եորքի Daylight Books-ի հետ:
Այս ե-նամակը կոչ է` աջակցելու այս գիրքի հրատարակման: Գիրքը կը կոչուի «Մահուան վատ նմանակում»՝ նախադասութիւն մը, առնուած է բանտարկուած երիտասարդներէն մէկուն՝ 20-ամեայ Լիզի բանաստեղծութենէն։
Նախագիծին մէջ լուսանկարեցի եօթը երիտասարդներու հետագիծը, երբ անոնք կ՚անցնէին Լոս Անճըլըսի անչափահասներու բանտէն դէպի Լոս Անճըլըսի շրջանի եւ ամբողջ նահանգի բանտերը: Ես զանոնք լուսանկարած եմ նաեւ ազատ արձակուելէն ետք, ինչպէս նաեւ դատարանի շէնքին մէջ։ Նկարած եմ նաեւ անոնց ընտանիքները եւ անոնց պատճառով տուժած անձերը։
Նախագիծը եզակի է ընդարձակ եռապատկեր պատմուածքով եւ լուսանկարներով, ձեռագիր նամակներով, բանաստեղծութիւններով եւ երիտասարդ բանտարկեալներու ստեղծագործութիւններով: Աշխատանքը վերածեցի համագործակցութեան, ուր երիտասարդները մասնակցութիւն կը բերեն իրենց սեփական պատմութիւնը ներկայացնելով։
«Մահուան վատ նմանակումը» կը պատմէ զանազան շերտերով բարդ պատմութիւն մը՝ լի յուսահատութեամբ, խակ զգացումներով եւ անարդարութեամբ, բայց նաեւ անհաւատալի ներքին ուժով եւ փոփոխութիւններու հսկայական ներուժով Այն կը բարձրացնէ երիտասարդներու ձայնն ու ճկունութիւնը՝ միաժամանակ մեղադրելով Գալիֆորնիոյ անմարդկային եւ փտած բանտային համակարգը, որ փոխուած է երկու տասնամեակներու ընթացքին:
Ժամանակն է, որ այս գիրքը լոյս տեսնէ:
Ըսեմ նաեւ, որ Homeboy Industries-ի Հայր Կրէկ Պոյլը հիանալի նախաբան մը գրած է գիրքին համար։
Աւարտին իմ կոչն ու խնդրանքն է, որ աջակցիք, որպէսզի հնարաւորինս շուտ լոյս տեսնէ սոյն հատորը։
Ձեր աջակցութիւնը յայտնելու համար անցէք ստորեւ տրուած յղումով՝
https://www.indiegogo.com/projects/a-poor-imitation-of-death#/
Նիւթը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Ն. Տաղլեան