image

«Արցախի Ձայներ»ը փայլեցաւ Պէյրութի մէջ (Լուսանկարներ)

«Արցախի Ձայներ»ը փայլեցաւ Պէյրութի մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղամասի հանրայայտ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ  շատ յաջող ելոյթ մը ունեցած է «Արցախի Ձայներ» խումբը։

«Արեւելք» այս մասին կը տեղեկանայ Պէյրութի՝ «Ազդակէ»էն, որ այս մասին ներկայացուցած է մանրամասն լրատւութիւն մը։

Ստորեւ ներկայացուցած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ գտնուողները ապրեցան հերոսական Արցախով, լիացան արցախեան հարազատ շունչով, լսեցին անոր իւրայատուկ բարբառը, հաղորդուեցան արցախահայութեան գոյատեւելու կամքին ու վճռակամութեան։ Այս բոլորը՝ Արցախի մէջ 2003 թուականին ստեղծուած, իսկ այսօր Հայաստանի մէջ գոյատեւող «Արցախի ձայներ» երաժշտական համոյթին մաս կազմող արցախցի արուեստագէտներուն իւրայատուկ երգին ու երաժշտութեան, պարին եւ հարազատութեան ընդմէջէն։

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ իրականացած այս երաժշտական երեկոյին բացումը կատարեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ մէջբերում մը կատարեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներին պարը» բանաստեղծութենէն եւ զուգահեռով մը անդրադարձաւ այսօր արցախցի մեր հայրենակիցներուն վիճակին՝ նշելով, թէ այսօր անոնք պապենական իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած են, ընկրկած, սակայն վստահաբար պիտի ճեղքեն բռնակալութեան շղթաները, պիտի բարձրացնեն իրենց բռունցքները եւ խոյանան այս արհաւիրքէն։

Ան հաստատեց, որ Արցախը այսօր աշխարհագրականօրէն թէեւ խլուած է մեզմէ, սակայն Արցախը ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ դուրս բերել մեր հոգիներէն ու սրտերէն։

Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան դիտել տուաւ, որ «Քրիստափոր» կոմիտէի այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մշակութային կամուրջ հաստատել լիբանանահայութեան եւ արցախցի մեր հայրենակիցներուն միջեւ։

Խումբի անդամները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ գտնուելնուն, յատկապէս իրենց ուղղուած հրաւէրին համար, որ իրենց համար հանդիսացաւ այն ազդանշանը, թէ «Արցախի ձայներ»-ը պէտք է շարունակեն հնչել, լսելի դարձնել արցախեան բարբառն ու երգի ճամբով անոր կենցաղն ու անկոտրում կամքը։ Այլ խօսքով, թէեւ Արցախը բռնագրաւուած է այսօր, սակայն երբ սփիւռքը տակաւին կը փափաքի Արցախի տաղանդաւոր արուեստագէտները հիւրընկալել, վայելել անոնց արուեստը, արցախեան շունչով ապրիլ աշխարհով մէկ, ուրեմն արժէ կրկին վերակազմակերպուիլ, կառչիլ հաւատքին ու արուեստին, որուն ճամբով եւս Արցախը կենդանի պիտի պահուի համայն հայութեան հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ։ Արցախցի արուեստագէտները յոյս յայտնեցին, որ Արցախէն դուրս իրենց վերազարթօնքը սկսի Պէյրութէն եւ տարածուի աշխարհով մէկ, որպէսզի իրենց երգով անոնք Արցախի մասին պատմեն բոլորին։

Տարբեր տարիքի արցախցի արուեստագէտներ Օքսաննա Բաբուրեան, Արամ Մուսայէլեան, Լիլիա Մուսայէլեան, Միլա Դոլուխանեան, Սեւակ Դոլուխանեան, Վադիմ Աբրահամեան, Միքայէլ Գրիգորեան, Արտեմ Վալտեր եւ Թամարա Պետրոսեան համերգի առաջին բաժինով երգի ճամբով ներկայացուցին պատկերներ Արցախէն Հայաստան իրենց բռնագաղթի դաժան ուղիէն, արցախեան աւանդութիւններէն, կենցաղէն, հաստատեցին, որ Արցախը թէեւ ուրացումի ենթարկուեցաւ, սակայն կրկին պիտի վերածնի, իսկ «ամէն հայի թափած արեան կաթիլ, պիտի ծաղկի դառնայ կեանքի ծաղիկ»։ Անոնք անդրադարձան այն իրողութեան, որ արցախեան ընտանիք մը բոլոր տղամարդիկն ալ զինուոր են եւ անոնք տուած են կտակը` «լաւ յիշիր որդիս, որ քո ներսում ուժեղ ու անվախ զինուոր է ապրում», ուստի անոնք ուղղեցին կոչը` «Հայեր միացէք»-ի եւ «բարձրացուցին բաժակները»` խմելով համայն հայութեան կենացը։ Արուեստագէտները գովերգեցին չքնաղ Հայաստանը, փառաբանեցին հերոս տղաքը, շեշտեցին, որ ղարաբաղցին միշտ բարի, հիւրասէր, արդարադատ, սրտաբաց, շանթ ու կրակ է, իսկ աւարտին իրենց երգը ձօնեցին աղբիւրի պէս մաքուր, առիւծներու ծննդավայր, որդիներու օրօրան, սարերուն ու համայն հայութեան սիրտը հանդիսացող Ղարաբաղին, որուն կարօտով կ՛ապրին այսօր ոչ միայն արցախցիները, այլ նաեւ հայ ազգը ամբողջ։

Լիբանանահայ արուեստասէրը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեան ուրախութեան, յուզումի, ընդվզումի, կարօտի ու Արցախի նկատմամբ անսահման սիրոյ պահեր ապրեցաւ։

Ինչպէս արուեստագէտները ըսին` դիւրին չէ երգել Արցախի մասին, երբ անիկա բռնագրաւուած է ներկայիս, բայց եւ այնպէս երգեցին անոնք, թնդացուցին բեմն ու սրահը, ոգի ու կորով փոխանցեցին ներկաներուն` իրենց երաժշտական ուրոյն ոճով եւ յատուկ երգերով։

Կեցցե՛ն արցախցի մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք կրցան քաջաբար երգել Ղարաբաղին եւ ղարաբաղցիին մասին, երբ այս երգերուն ընթացքին սրահին մէջ տիրական դարձաւ յուզումը, արցունքները լեցուց աչքերը։ Կեցցե՛ն անոնք, որ կը շարունակեն երգել ու ստեղծագործել, հաստատել, որ արցախցին տակաւին վճռական է ու պայքարող, որ իրենք իսկապէս բազմավաստակ եւ բազմաշնորհ ղարաբաղցիներ են, արժանի զաւակները հերոսներուն ու նահատակներուն։

Արցախով ապրելու եւ Արցախը շնչելու համար արժէ այսօր ներկայ գտնուիլ «Արցախի ձայներ» համոյթի վերջին ելոյթին՝ կրկին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։