image

«Փոխհատուցում մեզ պէտք չի, մենք ծախուած չենք». կիրանցիները՝ գիւղապետարանում

«Փոխհատուցում մեզ պէտք չի, մենք ծախուած չենք». կիրանցիները՝ գիւղապետարանում

«Փոխհատուցում մեզ պէտք չի, մենք ծախուած չենք»,-ըսած են գիւղապետարան հասած Կիրանցի բնակիչները. անոնք կը բողոքեն սահմանազատման արդիւնքներէն։

Անոնք նշած են, որ ծախս ընել պէտք չէ, իրենք փոխհատուցում պիտի չվերցնեն, իրենք իրենց հողը չեն վաճառեր:

Յիշոցնենք, որ Երէկ ՀՀ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանազատման յանձնաժողովները, ի կատարումն ապրիլ 19-ին համատեղ նիստի ընդունած արձանագրութեան, համաձայնեցուցած են ՀՀ Բաղանիս, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Բաղանիս-Այրում, ՀՀ Ոսկեպար, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Աշաղը Ասկիպարա, ՀՀ Կիրանց, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Խեյրիմլի, ՀՀ Բերքաբեր, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Կզլհաճիլի գիւղերուն մէջ սահմանային նախանշուած հատուածները եւ ստորագրած են այդ սահմանային հատուածներու նկարագրութիւն-արձանագրութիւնները: