image

Դրամի ուժով «բարեկամութիւն». Ալիեւ կը հրաւիրէ իտալական ընկերութիւնները ծրագիրներ իրականացնելու

Դրամի ուժով «բարեկամութիւն». Ալիեւ կը հրաւիրէ իտալական ընկերութիւնները ծրագիրներ իրականացնելու

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իտալական ընկերութիւնները կը հրաւիրէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու։

Այս շատ հեռանկարային գաղափարը Ատրպէյճանի նախագահը տեսահամաժողովի ձեւաչափով ընդունելութեան ժամանակ ըսած է իտալական Maire Tecnimont Group ընկերութեան նախագահ Ֆապրիցիո Տի Ամաթոյի գլխաւորած պատուիրակութեան, կը հաղորդէ Turan-ը:

«Իտալիան եւ Ատրպէյճանը ռազմավարական գործընկերներ են: Ստորագրուած է ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթ, եւ իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք ռազմավարական գործընկերներ ենք»,- ըսած է Ալիեւը: Ան յոյս յայտնած է, որ իտալական ընկերութիւնները շատ աշխոյժ կ'ըլլան «ազատագրուած տարածքներու» վերականգնման հետ կապուած նախագիծերուն մէջ: Իտալական մի քանի ընկերութիւններ արդէն հրաւիրուած են վերականգնման եւ շինարարական աշխատանքներ կատարելու համար:

Չնայած Ատրպէյճանի մէջ կը խօսուի «ազատագրուած» տարածքներու վերականգնման իտալական ընկերութիւններու մասնակցութեան մասին, ակնյայտ է, որ անոնք կը խօսին գրաւեալ հայկական հողերու, առաջին հերթին «Ատրպէյճանի եւ ամբողջ թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք» հռչակուած հին հայկական Շուշի քաղաքի մասին։ Ըստ ամենայնի, նպատակ ունենալով ջնջել հայկական մշակութային ժառանգութեան հետքերը, Ալիեւը որոշած է օտարերկրեայ ընկերութիւններ ներգրաւել այդ յանցաւոր բարբարոսական գործունէութեան մէջ:

Իսկապէս, ատրպէյճանա-իտալական յարաբերութիւններն այնքան խոր են, որ Իտալիան կը համարուի գրեթէ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկերը Եւրոպայի մէջ: Ատոր վկայութիւնն են բազմաթիւ համաձայնագրերը, պայմանագրերը, ֆորումները, յայտարարութիւնները: Ոչ վաղ անցեալին Իտալիան արիւնով թաթախուած Ատրպէյճանը հրաւիրած էր G-20-ի գագաթնաժողովին՝ առանց անհանգստանալու հաւասարութեան սկզբունքը պահպանելու եւ Հայաստանը եւս հրաւիրելու մասին:

Ի հարկէ, իտալական կողմը կը շեշտադրէ յարաբերութիւններու քաղաքական բաղադրիչը: Եւ այնուամենայնիւ, ինչպէս Վլատիմիր Լենինը ըսած է, քաղաքականութիւնը տնտեսութեան խտացուած արտայայտութիւնն է: Այլ կերպ ըսած, Ատրպէյճանը պարզապէս կը գնէ Իտալիոյ «բարեկամութիւնը»: Օրինակ՝ մէկ միլիոն եւրոյի դիմաց հովանաւորելով պեղումները Հռոմի մէջ: