Ուրախութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի մեր զաւակներուն կը ծանուցենք, որ տնօրինութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, աւելի քան երեք հազար ամերիկահայ երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեմի երիտասարդական բնոյթի բազմաթիւ ծրագիրներուն։ Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ նոր սերունդի մեր զաւակներուն համար բոլոր մշակուած ու խիստ օգտակար նախաձեռնութիւները կը միտին հայ երիտասարդին մէջ ամրապնդել քրիստոնէական հաւատքն ու հայեցի ինքնութիւնը, միաժամանակ հրաւիրելով անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը բերելու Թեմի հոգեւոր, կրթական, երիտասարդական, մշակութային ու համայնքային ծառայութիւններուն։ Շնորհիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ճիգերուն եւ բոլորի հաւաքական աշխատանքին, անցնող տարիներու ընթացքին Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան մէջ թեմական եւ համայնքային մակարդակներով մեծ աճ արձանագրեց հաւատաւոր երիտասարդներու ներկայութիւնը։ Եկեղեցական Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու, երիտասարդական կառոյցներու, ամառնային ճամբարներու եւ այլ ծրագիրներու ճամբով Արեւմտեան Թեմը քրիստոնէական ու հայկական մեր արժէքներն է որ կը սերմանէ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի մէջ։ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան անդրադառնալով Առաջնորդարանի հոգեւորի կողքի նաեւ կրթադաստիարակչական եզակի առաքելութեան, տարբեր առիթներով շեշտած է, որ «Կրթութիւնը մեր առաքելութեան հոգին է, որու ճամբով գիտելիքներու առընթեր նաեւ քրիստոնէական հաւատքն ու հոգեմտաւոր արժէքներն է որ կը ջամբենք, որոնք հայուն եւ մանաւանդ երիտասարդ հայուն մէջ կ՛ամրապնդեն հաւատքի գիտակցութիւնն ու հայեցի ինքնութիւնը»։
Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին համար Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները ե՛ն եւ առաւել եւս շեշտաւորուած պիտի մնան հաւատքի, մշակութային արժէքներու եւ հայերէն ուսուցման հիմնական անկիւնաքարերը։ Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին 34 ծխական համայնքներէ ներս աւելի քան 2300 աշակերտներ արժանացան քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեամբ, առաջնորդութեամբ մօտ 200 յանձնառու ուսուցիչներու, որոնք նուիրուած են հայ երիտասարդի մտքի ու հոգիի առողջ դաստիարակութեան ու կրթութեան նուիրական գործին։ 18 ծխական համայնքներէն ներս գործող Կիրակնօրեայ դպրոցները կը սպասարկեն աւելի քան 750 աշակերտի՝ վեցամեայ շարունակական ուսումնական ծրագիրներով, որոնք հիմնուած են Սուրբ Գիրքի գիտելիքներու խորացման, Սուրբ Պատարագի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսի ու աւանդութիւններուն վրայ։ 16 ծխական համայնքներէ ներս գործող Շաբաթօրեայ դպրոցները կ՛ընդունին 1600 աշակերտ, 100 նուիրեալ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, հիմնականօրէն կենդրոնանալով հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի վրայ։ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներէն բացի, Փասատինայի Յովսէփեան ամենօրեայ դպրոցը կը շարունակէ ծաղկիլ 250 աշակերտով եւ 40 վաստակեալ ուսուցիչով։ Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի ներկայիս կը նախաձեռնէ Կէլտըլի եւ Լաս Վէկասի մէջ երկու նոր հայկական ամենօրեայ դպրոցներուն շինարարութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան (Armenian Church Youth Organization) AYCO –ի հիմնադրութենէն 80 տարիներ ետք, Արեւմտեան Թեմի երիտասարդական սոյն կառոյցը այսօր առաւել եւս կը վերակենդանանայ, ամէն տարի աւելի քան 500 մասնակից երիտասարդներու ընձեռելով ծառայողական նախագիծեր, մարզական միջոցառումներ, ուխտագնացութիւններ ու հոգեւոր առանձնացման օրեր, որոնք տեղի կ՛ունենան Տանլափի մէջ (Քալիֆորնիա), Վաչէ Արք․ Յովսէփեանի անուան ճամբարէն ներս։ Ամէն ամառ մօտաւորապէս 500 մասնակից երիտասարդներ, առաջնորդութեամբ AYCO-ի պատասխանատուներուն եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ 175 կամաւորներու եւ խորհրդականներու, որոնք իրենց մեծ նպաստը կը բերեն չորս շաբաթներու վրայ երկարող հոգեւոր առանձնացման հրաշալի հաւաքին։ Առաւօտեան աղօթքներէն մինչեւ երեկոյեան խարոյկներու շուրջ համախմբումները մեր երիտասարդները կ՛արտայայտեն իրենց քրիստոնէկան հաւատքը եւ հայեցի նկարագիրը այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր բնութեան գեղեցկութիւնն ու մեր սրբազան աւանդութիւնները մը միանան։ 1964-ին միայն 32 մասնակիցներով սկսած ճամբարը արդէն այսօր վերածուած է Թեմի մեծագոյն ու ամենասիրուած երիտասարդական համախմբումներէն մին, ներառեալ նաեւ շուրջ 500 մասնակիցներով ամառնային շաբաթական ճամբարները մի քանի եկեղեցիներու հովանիին ներքոյ։
«Մեր երիտասարդութիւնը ոչ միայն Եկեղեցւոյ ապագան է, այլեւ ներկան», ըսած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, եւ աւելցուցած, որ «Անոնց ներկայութիւնը հաւաքական մեր կեանքէն ներս, անոնց ներուժն ու յանձնառութիւնը նոր ներշնչում, մղում ու կեանք կու տայ մեր համայնքներուն»։
Ապագայ սերունդներուն համար յանձնառու ու նուիրեալ երիտասարդ պատասխանատուներ պատրաստելու նպատակով Արեւմտեան Թեմը մեկնարկած է այնպիսի կրթադաստիարակչական ծրագիրներ, որոնք կ՛ամրապնդեն հաւատք-երիտասարդութիւն անքակտելի կապը։ 2025 թուականի Յունիսին իրականացած «Խորանի սպասաւորներու առաջնորդութեան ծրագիրը» նախատեսուած էր աւելի քան 250 սարկաւագներու եւ չափահաս դպիրներու համար, եզակի հաւաք մը, որ խորացուց անոնց աստուածաբանական ըմբռնումը եւ ծիսական փորձառութիւնը:



Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ ծխական դպրոց