Ուքրանիայ ժամանած է ամերիկեան ռազմական օգնութեամբ բեռնուած 5-րդ ինքնաթիռը: Ուքրանիան ստացած է եւս 84 թոն պաշտպանական զէնք եւ զինամթերք: Ինքնաթիռը վայրէջք կատարած է Պորիսփոլի օդակայանը: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիկովը:
Անոր խօսքով` յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի Ամն-էն զէնքի հերթական խմբաքանակը:
Փենթակոնի ներկայացուցիչ Ճոն Քիրպին հաստատած է, որ մօտ օրերս Ուքրանիա պիտի ուղարկուի ռազմական օգնութեամբ հերթական ինքնաթիռը: