image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Արցախ ուղարկուելիք 100 թոն պարէնը կը սպասէ Գորիսի մէջ

Դէպի  Արցախ ուղարկուելիք 100 թոն պարէնը կը սպասէ  Գորիսի մէջ

«Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ Արցախին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագրի ծիրէն ներս նուիրաբերած 100 թոն պարէնային մթերքը այս պահուն կը գտնուի Գորիս քաղաքի մէջ, եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի արգելափակման պատճառով հնարաւոր չէ այն հասցնել Արցախ: Այս մասին հաղորդած է Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութիւնը:

Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւններ կը տարուին ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մարդասիրական բեռը Արցախի Հանրապետութիւն հասցնելու ուղղութեամբ:

Բեռը տեղափոխելու հնարաւորութեան պարագային՝ այն պիտի պահեստաւորուի Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան մէջ եւ անվճար պիտի բաշխուի սոցիալապէս խոցելի խումբերուն՝ ըստ նախարարութեան ցուցակներու:

«Նշուած իրավիճակում անթոյլատրելի ենք համարում այս թեմայի շուրջ համացանցով եւ բնակչութեան շրջանում մանիպուլյատիւ տեղեկութիւններու տարածումը, որոնք հանրութեանը բացայայտ մոլորեցնելու նպատակ են հետապնդում»,- ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: