image

Արցախի մէջ. Կազի պարէնը սպառման եզրին

Արցախի մէջ. Կազի պարէնը սպառման եզրին

Ատրպէյճանական կողմը 9 յուլիսի կէսօրին ամբողջութեամբ անջատած է 8 յուլիսին վերականգնուած կազամատակարարումը, որմէ ետք «Արցախգազ» ընկերութիւնը ներքին ցանցին մէջ կուտակուած կազը մատակարարած է միայն մեքենանաերու կազալցակայաններուն:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Տեղեկատուական շտաբէն։

«Վերջին ժամերի ընթացքում կուտակուած գազը գրեթէ սպառուել է, եւ առաջիկայ ժամերին կը դադարեն գործել նաեւ ավտոգազալցակայանները: Այնուամենայնիւ, բոլոր բաժանորդներին յորդորում ենք առաջիկայ օրերին ցուցաբերել լրացուցիչ զգօնութիւն, քանի որ տեղ-տեղ կարող է ներքին ցանցի տարբեր հատուածներում մնացած գազն աստիճանաբար դուրս գալ՝ կախուած ջերմաստիճանի տատանումներից»,-գրուած է շտաբի հաղորդագրութեան մէջ:

Միաժամանակ «Արցախէներգո» ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ նախօրօք յայտարարուած 11 յուլիսի փոխարէն 10 յուլիսէն պիտի գործէ 9 յուլիսիսն չեղարկուած վեցժամեայ հովհարային անջատումներու ժամանակացոյցը՝ հաշուի առնելով կազամատակարարման ընդհատումը:

Յիշեցնենք, որ Արցախի շրջափակման 210 օրուան ընթացքին արդէն 181 օր շարունակ խափանուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը, իսկ կազամատակարարումը՝ հանրագումարային 143 օր շարունակ: