image

Դեղերու տագնապը մեծագոյն սպառնալիք...

Դեղերու   տագնապը  մեծագոյն սպառնալիք...

«Երեխաս հիւանդ է, կը պայքարի քաղկցկեղի դէմ, բուժում ստանալու համար հիւանդանոց մեր ացելութիւններու աւարտը  ժամանակի հարց է, դեղերու անգտանելիութեան պատճառաւ: Արդէն մտահոգ ենք: Իսկ պետութիւն կարծես թէ չկայ»,- այս մասին խօսած է լիբանանցի մայր մը: 

Մանրմասնութիւնները «Արեւելք» կը  տեղեկանայ  Sky News կայքէն:

Աղբիւրը նշած է, թէ հազարաւոր ծնողներ կոչ ուղղած են լիբանանեան իշխանութիւններուն, ապահովելու քացկեղի բուժման դեղերը, մանաւանդ որ մօտօրէն կը սպառին անոնք հիւանդանոցներէն:

Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Լիբանան այսօր կը գրաւէ առաջին տեղը Արեւմտեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ քացկեղի հիւանդներու քանակով բնակչութեան տոկոսային համեմատութեամբ: Տուեալներուն համաձայն՝ 100 հազար լիբանանցիի 242-ը քաղցկեղով հիւանդ է: 2018-ին 17 հազար լիբանանցի կը պայքարէր հիւանդութեան դէմ:

Ծնողներուն կոչին միացած են նաեւ բժիշկները, որոնք զգուշացուցած են, որ եթէ վիճակը այսպէս շարունակուի, կրնայ վատ հետեւանքներու յանգիլ: Դեղագործներն ալ իրենց կարգին բողոքած են, որ իշխանութիւնները չեն յարգեր դեղերու ներմուծման նեցուկ կանգնելու իրենց խոստումը:

Աղբիւրը զրոյց ունեցած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Քացկեղի եւ արեան հիւանդութեանց բաժնի վարիչ, փրոֆ. Նաժի Ալ-Սաղիրին հետ, որ ըսած է թէ «Թերեւս դիմագրաւենք քաղցկեղի, սրտի,  պաքթերեալ եւ քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներու  կեանքի կարճացում, քաղցկեղի բուժման նախատեսուած դեղերը չապահովուելուն պատճառաւ»: Ալ-Սաղիր շարունակած է թէ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի բուժումը հասած էր ամէնէն բարձր մակարդակին, բայց  հիմա հիւանդներուն կեանքը 2-3 տարի կրնայ կարճնալ կամ նոյնիսկ հիւանդը չբուժուի: 

Ան ընդգծած է, թէ դեղերու ընդհանրապէս չգոյութեան պատճառաւ, բժիշկները կը դիմեն դասական քիմիական բուժման, որ իր բարդութիւնները ունի, եւ կրնայ հիւանդին կեանքը վտանգի ենթարկել:

Ալ-Սաղիր նաեւ նշած է թէ Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող կիներուն 40 տոկոսը կրծքաղցկեղի դէմ կը պայքարի, իսկ այր մարդոց պարագային միզապարկի քաղցկեղն ու թոքերու քաղցկեղը աւելի տարածուած են:

Մասնագէտ բժիշկը կոչ ուղղած է Առողջապահութեան նախարարութեան շտապ ժողով մը գումարելու քաղցկեղի մասնագէտ բժիշկներուն հետ, առնելու պէտք եղած քայլերը եւ արագացնելու դեղերու հայթաթայթումը: 

«Ինչ լաւ է, որ մենք միշտ նախապէս ապահոված կ'ըլլանք 3 ամսուայ համար բաւարար դեղեր, հետեւաբար  այդքան ժամանակուայ մէջ, պէտք է անպայման ապահովուին նոր դեղեր»,- եզրափակած է բժիշկ Ալ-Սաղիրը: