Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը յայտարարած է, որ Իրանը պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի Եմէնի հուսի ապստամբներու «Անսար Ալլահ» շարժման օգնելու համար։
«Ուղերձ Իրանին. մենք կը տեսնենք ձեր մահացու աջակցութիւնը (զէնքի-Խմբ.) հուսիներուն: Մենք յստակ գիտենք, թէ ինչ կ՚ընէք: Դուք լաւ գիտէք, թէ ինչի ընդունակ է ԱՄՆ զինուած ուժերը, եւ ձեզ նախազգուշացուցած են: Ձեր ըրածի համար հետեւանքներ պիտի ըլլան մեր ընտրած ժամանակին եւ վայրին մէջ», - գրած է ան X-ի էջին:
Մարտ 15-ին Միացեալ Նահանգները սկսած է զանգուածային հարուածներ հասցնել Եմէնի տարածքի մօտ մէկ երրորդը վերահսկող հուսի ապստամբներու թիրախներուն։ Գործողութիւնն ուղղուած է ամերիկեան շահերու պաշտպանութեան եւ նաւարկութեան ազատութեան ապահովման, յայտնած են ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութենէն։ Ի պատասխան՝ «Անսար Ալլահ»-ը պարբերաբար հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով հարուածներ կը հասցնէ Կարմիր ծովու հիւսիսը գտնուող ամերիկեան USS Harry S. Truman օդանաւակիրին։
Նշենք, որ հուսիներն Իրանի կողմէ աջակցուող «Դիմադրութեան առանցքի» («Հըզպալլա», «Համաս», հուսիներ) մաս են եւ կը պայքարին յանուն Պաղեստինի անկախութեան: