image
Հրատապ լուրեր:

Դատապարտում. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը Քորանի հրկիզման դէպքով դատապարտագիր մը հրապարակեց

   Դատապարտում. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը  Քորանի հրկիզման դէպքով դատապարտագիր մը հրապարակեց

Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը դատապարտէ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ, իրաւապահ մարմիններու թոյլտուութեամբ եղած իսլամական Սուրբ Գիրքի՝ Քուրանի օրինակի հրկիզումը, մերժելով ընկերային արժէքներուն հակասող այս անարգ արարքի գործադրումը, որ տեղի ունեցած էր իսլամական Ատհայի տօնին առաջին օրը։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը մատնանշեց, որ խօսքի ազատութեան պատրուակով նման գործողութիւններ թոյլատրելը և անոր հետեւանքներուն աչք խփելը կը նշանակէ մեղսակցութիւն այս արարքին, քանի որ այս արարքը ատելութիւն և ցեղապաշտութիւն կը հրահրէ, նաեւ՝ կ’ապակայունացնէ ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն փոխադարձ յարաբերութիւնները՝ հանդուրժողականութեան, չափաւորութեան և ծայրայեղականութեան մերժումին արժէքները տարածելու փոխարէն։