image

Դաշնակից Ուժեր Կը Շարունակեն Հարուածել ISIS-ը Բայց ...

Դաշնակից Ուժեր Կը Շարունակեն Հարուածել   ISIS-ը Բայց ...

ԱՄՆ-  Ամերիկեան Բանակը յայտնած է, թէ Ամերիկան եւ իր դաշնակիցները, Կիրակի օր 23 օդային հարուած կատարած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ըստ Ամերիկեան բանակին, հարուածները եղած են ISIS-ին դէմ, որոնց 9-ը Սուրիոյ մէջ եւ 14-ը Իրաքի մէջ: Սուրիոյ մէջ կատարուած հարուածները եղած են ռազմական շրջաններ, Հալէպի, Հասաքէյի եւ Քոպանիի մօտակայքը, ինչպէս նաեւ ականահարուած դաշտ մը Րաքքա քաղաքին մօտ: Իսկ Իրաքի մէջ կատարուած հարուածները, դարձեալ ռազմական շրջաններու վրայ եղած են,  Մուսուլ, Ֆալուճա եւ Րամատի եւ այլ հինգ քաղաքներու մօտակայքը: