Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը պէտք չէ նահանջէ, այս մասին յայտարարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 111–րդ տարելիցի ոգեշնչման երեկոյի իր ելոյթին մէջ։
«Որքան ալ տարիները մեզ հեռացնեն 1915 թուականէն, Հայոց ցեղասպանութիւնը երբեք պէտք չէ ստուերուի հայ ժողովուրդի հաւքական գիտակցութեան մէջ։ Մենք պիտի շարունակենք յիշել մեր հայրերու ու մայրերու ջարդը, մահուան քարաւանները, Տէր Զօրի անապատներու վրայ չյուղարկաւորուած մեր նահատակները, մեր մտաւորականներու սպանդը, մեր գիւղերու հրկիզումները։ Մենք պէտք է յիշենք հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը։
Ես չեմ հաւատար, որ մոլորակի վրայ գէթ մէկ հայ կայ, որու արեան հետ խառնուած չէ, որու ինքնութեան հետ շաղախուած չէ, գիտակցութեան մէջ ամրացուած չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլապէս այդ ուրացում է հայ ինքնութեան»,-ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։