ՀՀ Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ համաձայնութիւն տուաւ, որ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուի:
Հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդութիւնը ներկայացուցած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը:
Փակ գաղտնի քուէարկութեան մասնակցած էր 65 պատգամաւոր, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած էին:
Մհեր Սահակեանը նախորդ օրը յայտնած էր, որ ինքը եւս կողմ պիտի քուէարկէ այդ միջնորդութեան: Սակայն Սահակեանն այսօր Սիւնիք է, չէ մասնակցած քուէարկութեան: Պատգամաւորը վստահեցուցած է, որ մարտ 31-ին Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի փակ քննարկման տեղի ունեցած միջադէպի ժամանակ պատգամաւոր Վլադիմիր Վարդանեանը հարուածած է՝ զուտ ինքնապաշտպանական նկատառումներէ ելլելով: