image

Ատերպայճան Փրակայի մէջ կ՚իւրացնէ հայկական ժառանգութիւնը

Ատերպայճան Փրակայի մէջ կ՚իւրացնէ հայկական ժառանգութիւնը

Ատերպայճանական կազմակերպութիւններ վերջերս Փրակայի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են՝ ցուցադրելով պատմական լուսանկարներ Արցախէն եւ Հայաստանէն եւ զանոնք ներկայացուած են որպէս ատերպէյճանական ժողովուրդի պատմամշակութային ներկայութեան ապացոյց։

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ընդդիմադիր երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան մեղադրած է Ատերպայճանը, որ Փրակայի սրտին մէջ կազմակերպուած հանրային ցուցահանդէս մը կ՚օգտագործէ իր տարածքային յաւակնութիւնները յառաջ մղելու եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ ատրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով՝ զգուշացնելով, որ նման արշաւներ աւելի ու աւելի մեծ թափ կը ստանան, մինչ Հայաստան միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակէ ընդհանրապէս լուռ մնալ:

Գալստեան յայտնած է, որ ատերպայճանական կազմակերպութիւններ վերջերս Փրակայի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են՝ ցուցադրելով պատմական լուսանկարներ Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Ըստ անոր՝ այդ պատկերները ներկայացուած են իբրեւ ազերպայճանական ժողովուրդի պատմամշակութային ներկայութեան ապացոյց՝ իրենց այսպէս կոչուած «պատմական հայրենիք»-ին մէջ: