image

Սահակեան դպրաց դասի կրկնակ տարեդարձները

Սահակեան դպրաց դասի կրկնակ տարեդարձները

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած են Սահակեան դպրաց դասի հիմնադրութեան 323-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 88-րդ տարեդարձները՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբը խանդավառ մթնոլորտ ապրեցաւ իր կրկնակ տարեդարձներուն առիթով։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցան դպրաց դասու հիմնադրութեան 323-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 88-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատուցանեց Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Արարողութիւններուն ներկայ էր Տ. Դէոդիկ քհնյ. Չէթինքայա։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Սրկ. Ներկիզ կիսասարկաւագներ, ուրարակիր դպիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութեան գիր շնորհեց Բրշ. Սարկաւագ եւ դպրապետ Խաչիկ Սարըլըին եւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի ղեկավար Պր. Սեւան Ակօշեանին։ Բարեշնորհ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլը բազում տարիներ սպասարկած է եւ դեռ կը շարունակէ սպասարկել Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին։ 2014 թուականէն ի վեր կը վարէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս երգչախումբի դպրապետի պաշտօնը, այս բոլորին առընթեր, համայնքէս ներս տեղի ունեցած մշակութային եւ մարզական միջոցառումներու մէջ կը ստանձնէ պաշտօններ։

Պր. Սեւան Ակօշեան երկար տարիներ երգչախումբի անունը բարձր պահելու ուղղութեամբ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ։ Ան մղիչ ուժն է երգչախումբի բոլոր միջոցառումներուն ու իր բարձր տրամադրութեամբ միշտ կը քաջալերէ խումբը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբի հոգելոյս հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, բոլոր անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն ետք «Աճառեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան եւ գործադրուեցաւ աշխարհիկ հանդիսութիւն։

Ներկայ էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը իր ամբողջական կազմով, մարմիններէն պատասխանատուներ, քոյր դպրաց դաս երգչախումբերու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Տնօրէն խորհուրդի եւ երգչախումբի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին ներկաները։ Տնօրէն խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը կարդաց Սէրլի Զեքի, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տարիներու միջոցառումներուն մասին, իսկ ատենապետ Ղուկաս Արզուման արտասանեց նաեւ շնորհակալութեան խօսք մը։ Երգչախումբի գործունէութիւններու կապակցութեամբ ցուցադրուեցան տեսանիւթեր։

Յուշանուէրներ յանձնուեցան օրուան մեծարեալներուն՝ Բրշ. սարկաւագ եւ դպրապետ Խաչիկ Սարըլըին եւ Սահակեան Դպրաց դաս երգչախումբի ղեկավար Պր. Սեւան Ակօշեանին։

Յայտագրի ընթացքին, երգչախումբի երիտասարդ կազմէն Սիմոն Սուսմաքն ու Նիրվա Շարքլըն ծափահարութիւններու արժանացան իրենց դաշնակի կատարումներով, ապա Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբը երգերու փունջ մըն ալ հրամցուց ներկաներուն։

Աշխարհիկ հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով