image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապ․ Աստուածամօր հովանիին ներքեւ՝ հաւատք եւ աւանդութիւն

Քեսապ․ Աստուածամօր հովանիին ներքեւ՝ հաւատք եւ աւանդութիւն

Քեսապը միայն աշխարհագրական անուն մը չէ հայ կեանքին մէջ։ Անիկա յիշողութիւն, հաւատք եւ աւանդութիւն իրարու կապող կենդանի կամուրջ մըն է։ Քեսապահայութեան համար Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, հետեւաբար, միայն եկեղեցական տօն մը չէ, այլ՝ նախնիներէն ժառանգուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուող ուխտի, աղօթքի եւ համայնական հաւատքի օր մը։

Էսկիւրանի Սուրբ Աստուածածին մատրան շուրջ համախմբուող քեսապահայութիւնը այս աւանդութիւնը կը շարունակէ ոչ միայն աղօթքով ու Սուրբ Պատարագով, այլեւ մատաղի պատրաստութեամբ, ժողովրդային երգով ու համախմբումով։ Այդ պահերուն Քեսապը կը վերագտնէ իր հոգեւոր դիմագիծը՝ իր եկեղեցիին, իր աւանդութիւններուն եւ իր ժողովուրդին ընդմէջէն։ Ահա թէ ինչու Աստուածամօր տօնը Քեսապի համար նաեւ ինքնութեան վերանորոգման եւ համայնական յիշողութեան օր մըն է։

Ստորեւ այդ տօնախմբութեան մասին Բերիոյ Թեմի կողմէ հրատարակուած  լրատւութիւնը՝ 

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2026-ին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ քեսապահայութեան աւանդութեան համաձայն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: 

Օրուան պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան։ Ներկայ էր նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը: 

Քեսապէն եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով ուխտաւորներ ժամանած էին Էսկիւրան՝ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելու:

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով, գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչը, պատարագիչ Հայր Սուրբը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, դպրապետը, դպրաց դասը եւ բոլոր ներդրում բերողները՝ տօնական եռօրեայ նախաձեռնութիւններու յաջողութեան իրենց աստուածահաճ եւ ազգօգուտ ծառայութեան համար, նաեւ շնորհաւորեց Մարիամ Աստուածածինի անուան հետ առնչութիւն ունեցող անուններով հայորդիները։ 

Սրբազան Հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, քեսապահայութեան մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարօրութիւն։ 

Հուսկ, Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակէն ներս, Սօսիի ծառին ներքեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որմէ ետք Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցելոց հոգիներուն խաղաղութեան համար: 

Յիշենք, որ Քեսապի աւանդութեան համաձայն, տօնակատարութեան նախորդող գիշերը մարմանդ կրակի վրայ մինչեւ լոյս առաւօտ մատաղը կը պատրաստուի, որուն ընթացքին քեսապցիներ եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ուխտաւորներ կը համախմբուին Էսկիւրան եւ տհոլի ու զուռնայի հնչեցուցած եղանակներով եւ ժողովրդային երգերով մինչեւ լուսաբաց տօնական մթնոլորտ կը ստեղծեն: 

Օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ ներկայ ուխտաւորներուն, որոնք տօնական այս ուրախ առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու։