Ռամատան ամսուն աւարտի օրերուն, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Ալ-Ումաուի մզկիթի ետեւի բակը վերածուած է խոհանոցի, ուր տասնեակ կամաւորներ սնունդ պատրաստած եւ մատակարարած են ծոմ պահողներուն:
Դամասկոսի քրիստոնէական բարեգործական միութիւններէն մէկը անվճար ճաշեր հիւրասիրած է, որպէս բարեկամութեան եւ սիրոյ նշան՝ իրենց հարեւան իսլամներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»:
Եպիսկոպոս Մաթթա Խուրի այս առթիւ ըսած է. «Ուզեցինք սիրոյ սեղան պատրաստլ՝ «Սուհուր»ի սեղան, որուն մասնակից դառնանք բոլորս, որպէս սուրիացիներ, ոպրէս դամասկոսցիներ, եւ ամրապնդուի մեր մէջ իրար հանդէպ սէրը, որպէսզի ձեռք-ձեռքի տանք եւ հաստատենք, որ մենք այս հողին վրայ գոյութիւն ունեցած ենք եւ այստեղ ալ պիտի շարունակենք ապրիլ միասին»:
Գիշերը անցած է ճոխ մթնոլորտի մէջ, աւանդական երգ ու պարով, ուր կամաւորները ակրատներ (սենտուիչներ) տրամադրած են ներկաներուն: