image

Դամասկոսի մէջ. Զոհերուն շարքին են դեղագործուհի մը, բժիշկ մը եւ ճարտարապետ մը

  Դամասկոսի մէջ. Զոհերուն շարքին են դեղագործուհի մը, բժիշկ մը եւ ճարտարապետ մը

Այսօր աւելի վաղ գրած էինք Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ եղած հերթական գրոհին մասին։ 

Այս առումով աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ զոհերու շարքին են քաղաքացիական անհատներ։ 

Պարզ դարձած է զոհուածներէն երեքին անունները եւ անոնք են Լիլիան Աուտէ (Դեղագործուհի), Ասէֆ Մահմուտ (Բժիշկ) եւ Շարաֆ Ամժատ Ահմատ(Ճարտարապետ)։

 Առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ նման քայլերու կը դիմէ, որուն դիմաց ալ միջազգային հանրութիւնը կը մնայ դիտողի դերին մէջ։

 «Արեւելք» լուրը քաղեց Դամասկոսի լուրերը ներկայացնող դիմատետրեան էջերէ։