image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանն ԱՄՆ-ին կ՚ըսէ՝ «Սրբագրէ սխալներդ»

Չինաստանն ԱՄՆ-ին կ՚ըսէ՝ «Սրբագրէ  սխալներդ»

Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական բիւրոյի անդամ՝ Եան Ձիեչի, որ կը վերահսկէ միջազգային գործերը, հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Էնթոնի Պլինքընի հետ եւ կոչ ըրած ԱՄՆ-ին շտկելու «վերջին շրջանին թոյլ տուած սխալները»: Մասնաւորապէս, ան Ուաշինկթոնը նախազգուշացուցած է չմիջամտել Չինաստանի ներքին գործերուն, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը:

«ԱՄՆ-ը պէտք է խստօրէն պահպանէ «մէկ Չինաստան» սկզբունքը եւ ԱՄՆ-Չինաստան համատեղ երեք յայտարարութիւններու դրոյթները: Հոնկ Քոնկի, Թիպեթի եւ Սինցզեանի գործերուն միջամտութիւնը հաւասարազօր է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան  ներքին գործերուն միջամտելուն, եւ մենք չենք հանդուրժեր որեւէ արտաքին միջամտութիւն», - ըսած է Ձիեչի:

Իր հերթին, Պլինքըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ պաշտպանել մարդու իրաւունքները Սինցզեան- Ույղուրական ինքնավար շրջանի, Թիպեթի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ:

«Պետական քարտուղարը վերահաստատեց, որ մեր ընդհանուր արժէքներն ու շահերը պաշտպանելու համար Միացեալ Նահանգները կ'աշխատի դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ, որպէսզի Չինաստանը պատասխանատուութիւն կրէ իր գործողութիւններուն համար, որոնք կը սպառնան կայունութիւնը Հնդկական-Խաղաղօվկիանոսեան տարածաշրջանին, ներառեալ Թայուանի նեղուցի եւ կը խախտեն միջազգային կարգը», - Պետական բաժանմունքի ղեկավարին խօսքերը հաղորդած է գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ՝ Նէտ Փրայս:

Աւելի վաղ, ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ Պետական բաժանմունքին մէջ կայացած իր հիմնական ելոյթին ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն Չինաստանը անուանած էր Միացեալ Նահանգներու հիմնական մրցակից եւ խոստացած էր պահպանել անոր հետ յարաբերութիւնները՝ «ուժի դիրքերէն»: Նախագահի խօսքով ՝ Ուաշինկթոն դէմ է «տնտեսութեան մէջ չարաշահումներուն», «մարդու իրաւունքներու, մտաւոր սեփականութեան եւ համաշխարհային կառավարման կիրառման վրայ յարձակման»: