image

ՀԱՊԿ կ՚ըսէ՝ «Կայացուած որոշումները բաւարար են Ղարաբաղի համար»

ՀԱՊԿ կ՚ըսէ՝ «Կայացուած  որոշումները բաւարար են Ղարաբաղի համար»

Ղարաբաղի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները բաւարար են տարածաշրջանին մէջ վերջնական քաղաքական կարգաւորման համար, ըսած է ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը:

«Ռազմական գործողութիւնները կարելի եղաւ դադրեցնել Ռուսաստանի Դաշնութեան միջնորդութեամբ: Մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման աւարտի համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման», յայտնած է Սիտորով: