image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզ կ՚ըսէ՝ «Միջուկային համաձայնութեան» թղթածրարը յաւիտենական չէ

Փարիզ կ՚ըսէ՝ «Միջուկային համաձայնութեան»  թղթածրարը յաւիտենական չէ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը «յաւիտեանս սեղանի վրայ» պիտի մնայ, ատիկա «մեծ ու վտանգաւոր սխալ է»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Ֆրանսան իր գործընկերներուն նման պիտի չընդունի, որ Իրան միջուկային զինուորական կարողութիւն ձեռք բերէ, եւ համաձայնութեան առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց` պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերելու եւ համաձայնութիւնը արագօրէն կնքելու համար պէտք եղած որոշումները որդեգրելու:

Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ամերիկացի աւագ բանագնաց Ռապըրթ Մալի նախապէս զգուշացուցած էր, որ բանակցութիւններու ձախողութեան առիթը յաջողութեան առիթէն աւելի մեծ է` խոստանալով Թեհրանի վրայ ճնշումէն ետդարձ չկատարել, եթէ շարունակէ կառչած մնալ իր պահանջներուն: