image

Չեն հետաքրքրուած Ռուսաստանի մէջ իշխանափոխութեամբ

Չեն հետաքրքրուած Ռուսաստանի մէջ իշխանափոխութեամբ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ՝ Քամալա Հարիս յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած չէ Ռուսաստանի մէջ իշխանափոխութեամբ։ Հարիս այդ մասին ըսած է MSNBC-ին տուած հարցազրոյցին։ 

«Թոյլ տուէք շատ պարզ ըսելու: Մենք [ԱՄՆ] շահագրգռուած չենք ռեժիմի փոփոխութեամբ. Սա մեր քաղաքականութիւնը չէ», - յայտարարած է Հարիս:

Ըստ Հարիսին, Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ նպատակ ունեցած է ստիպել Ռուսաստանին կրել «իրական կորուստներ կոշտ պատժամիջոցներու միջոցով», ինչպէս նաեւ  մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ եւ խաղաղ բնակիչներուն:

Ռուսաստանի «ռեժիմի փոփոխութիւնը» ՆԱԹՕ-ի նպատակը չէ, աւելի վաղ վստահեցուցած էր Գերմանիոյ վարչապետ՝ Օլաֆ Շոլց։ Ռուսաստանի «ռեժիմի փոփոխութեան» ծրագիրներու բացակայութեան մասին յայտարարած են նաեւ Բրիտանիոյ մէջ։