image

Հմէյմիմ եւ Թարթուս․ Ռուսաստանի նոր հաշիւները Սուրիոյ մէջ

 Հմէյմիմ եւ Թարթուս․ Ռուսաստանի նոր հաշիւները Սուրիոյ մէջ

Առաջիկայ երեք ամիսները կարեւոր պիտի ըլլան հասկնալու համար, թէ Ռուսաստան իրապէս կը հեռանա՞յ Սուրիայէն, թէ՞ պարզապէս կը փոխէ իր ներկայութեան ձեւը։ Հմէյմիմի օդակայանին եւ Թարթուսի նաւահանգիստին շուրջ Դամասկոսի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած նոր պայմանաւորուածութիւնները առաջին հայեացքով կրնան այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ Ռուսաստան աստիճանաբար կը փակէ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութեան էջը։ Բայց Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւնը առաջին հայեացքով կարդալը շատ անգամ սխալ եզրակացութիւններու կը տանի։

Ռուսաստան Սուրիայէն դուրս չի գար։ Առնուազն՝ այս պահուն այդպիսի վերջնական հեռացման նշաններ չկան։ Ընդհակառակը, շուրջ մէկուկէս տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք, Մոսկուա եւ Դամասկոս կարծես կը փորձեն գտնել այնպիսի բանաձեւ մը, որ երկու կողմերուն ալ հնարաւորութիւն տայ խուսափելու կտրուկ խզումէ։ Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մէկ մասը աստիճանաբար պիտի անցնի սուրիական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, իսկ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը պիտի վերաձեւակերպուի։ Հմէյմիմն ու Թարթուսը կրնան վերածուիլ սուրիա-ռուսական համատեղ ուսումնական կեդրոններու։

Թուղթի վրայ այս մէկը կրնայ նշանակել ռուսական ռազմական ներկայութեան նահանջ։ Բայց քաղաքականութեան մէջ երբեմն ամենակարեւոր հարցը այն չէ, թէ ինչ անուն տրուեցաւ ներկայութեան, այլ՝ թէ այդ ներկայութեան տակ իրականութեան մէջ ի՞նչ մնաց։

Ի՞նչ կը նշանակէ «համատեղ ուսումնական կեդրոն»։ Արդեօք ռուս զինուորականները պիտի շարունակե՞ն մնալ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի մէջ։ Ռուսական կողմը պիտի պահպանէ՞ ենթակառուցուածքներու որոշակի հասանելիութիւն։ Պիտի շարունակէ՞ սուրիական ուժերու մարզումը։ Եւ ամենակարեւորը՝ պիտի պահպանէ՞ Միջերկրական ծովու ափին իր ռազմավարական ներկայութիւնը արագ վերականգնելու կամ ընդլայնելու հնարաւորութիւնը։

Եթէ այս հարցերուն պատասխանը դրական ըլլայ, ապա մենք ականատես չենք ըլլար ռուսական հեռացման, այլ՝ ռուսական ներկայութեան ձեւափոխութեան։

Այս մէկն անշուշտ կարեւոր տարբերութիւն մըն է։

Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք շատերու համար հիմնական հարցը հետեւեալն էր՝ Ռուսաստան պիտի լքէ՞ Սուրիան։ Բայց Մոսկուայի համար խնդիրը միայն Սուրիոյ մէջ մնալ կամ չմնալը չէր։ Խնդիրը իր ամբողջ տարածաշրջանային դիրքը չկորսնցնելն էր։

Հմէյմիմը եւ Թարթուսը սովորական ռազմական կէտեր չեն։ Անոնք Ռուսաստանի համար Միջերկրական ծովուն, Մերձաւոր Արեւելքին եւ աւելի լայն իմաստով՝ իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան կարեւոր յենակէտերն են։ Հմէյմիմը օդային ներկայութեան եւ ռազմական շարժունակութեան հնարաւորութիւն կու տայ, իսկ Թարթուսը Ռուսաստանի համար Միջերկրականի վրայ ռազմավարական հասանելիութեան կարեւոր հանգոյց մըն է։

Հետեւաբար Ասատի իշխանութեան անկումը Ռուսաստանի համար ծանր հարուած էր, բայց պարտադիր չէր, որ ըլլար վերջակէտ։ Մոսկուան կարծես կը փորձէ գտնել երրորդ ճանապարհ մը՝ ո՛չ նախկինին նման ամբողջական ռազմական ներկայութիւն, ո՛չ ալ ամբողջական հեռացում։ Նոր բանաձեւը կրնայ ըլլալ աւելի փոքր, աւելի սահմանափակ եւ աւելի քիչ տեսանելի ներկայութիւն մը, բայց միաժամանակ պահպանուած ռազմավարական հասանելիութիւն։

Դամասկոսի համար ալ այս բանաձեւը իր շահերը ունի։ Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերադարձը սուրիական պետական վերահսկողութեան տակ կարելի է ներկայացնել իբրեւ ինքնիշխանութեան վերականգնման քայլ։ Միաժամանակ նոր իշխանութիւնները կրնան չուզել ամբողջութեամբ խզել Մոսկուայի հետ կապերը։ Սուրիան այսօր այն վիճակին մէջ չէ, որ մէկ ուժի հետ կապուելով կրնայ անտեսել մնացեալ բոլոր դերակատարները։

Նոր իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն Թուրքիոյ, Իրանի, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի շահերը։ Այս պատճառով ռուսական ներկայութեան հարցը այլեւս միայն ռուս-սուրիական համաձայնութեան հարց չէ։ Անիկա Սուրիոյ մէջ ընթացող աւելի լայն վերադասաւորման մէկ մասն է։

Ասատի օրերուն Ռուսաստան Սուրիոյ մէջ ունէր արտօնեալ դիրք։ Այսօր այդ արտօնեալ դիրքը այլեւս նոյն ձեւով գոյութիւն չունի։ Մոսկուան պէտք է աշխատի նոր պայմաններու մէջ, նոր իշխանութիւններուն հետ եւ այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր Թուրքիան աւելի մեծ դեր ունի, Իրանը կը փորձէ պահպանել իր ազդեցութիւնը, Իսրայէլը կը հետեւի անվտանգային զարգացումներուն, իսկ Արեւմուտքը կը փորձէ հասկնալ, թէ նոր Սուրիան ո՞ւր պիտի ուղղուի։

Այս ամբողջ պատկերը կը նշանակէ, որ Մոսկուա այլեւս չի կրնար Սուրիոյ մէջ խաղալ նախկին կանոններով։

Բայց անիկա չի նշանակեր, որ Ռուսաստան պատրաստ է հեռանալու։

Ընդհակառակը՝ Մոսկուան կարծես կը փորձէ փոխել խաղի կանոնները։

Ասատի իշխանութեան ժամանակ Ռուսաստանը իշխանութեան հետ ունէր դաշնակցային յարաբերութիւն։ Այսօր ան պէտք է յարաբերութիւն կառուցէ նոր իշխանութիւններուն հետ, որոնք աւելի զգայուն են ինքնիշխանութեան հարցին նկատմամբ եւ միաժամանակ ստիպուած են հաշուի առնել տարածաշրջանի բազմաթիւ ուժերու ազդեցութիւնը։

Այս պայմաններուն մէջ ռուսական ներկայութեան վերաձեւակերպումը կրնայ նոյնիսկ Դամասկոսի համար ընդունելի փոխզիջում դառնալ։

Ռուսաստան կը մնայ, բայց ոչ այն ձեւով, ինչպէս Ասատի օրերուն։

Դամասկոս կը ստանայ աւելի մեծ վերահսկողութիւն, բայց ամբողջութեամբ չի խզեր Մոսկուայի հետ կապերը։

Երկու կողմերն ալ կը խուսափին այնպիսի քայլէ մը, որ կրնայ աւելի մեծ անկայունութիւն ստեղծել։

Եւ այստեղ է, որ պէտք է հասկնալ նաեւ Ռուսաստանի աւելի լայն հաշիւը։

Չպէտք է մոռնալ, որ Ռուսաստանի համար Սուրիան Մերձաւոր Արեւելք մուտք գործելու ճանապարհ էր, Միջերկրականի վրայ ներկայութիւն պահպանելու միջոց էր եւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը ցուցադրելու կարեւորագոյն հարթակ։

Հետեւաբար, եթէ Մոսկուան կարողանայ Հմէյմիմն ու Թարթուսը պահպանել նոր ձեւաչափով, ապա այդ մէկը կրնայ շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունենալ, քան երկու ռազմական կեդրոններու պահպանումը։

 Այդ մէկը կը նշանակէ, որ Ռուսաստան, հակառակ Ասատի իշխանութեան տապալման , տակաւին կարողութիւնը ունի ազդեցութիւն գործելու Մերձաւոր Արեւելքի ամենակարեւոր աւազաններէն մէկուն վրայ։ 

Եւ այս մնալը կրնայ ըլլալ աւելի հետաքրքրական, քան նախկին ներկայութիւնը։

Որովհետեւ նախկին ներկայութիւնը յստակ էր։

Այսօրուայ ներկայութիւնը կրնայ ըլլալ աւելի ճկուն։

Ռուս զինուորներու թիւը կրնայ պակսիլ, ռազմակայանի կարգավիճակը կրնայ փոխուիլ, իսկ ռազմական ենթակառուցուածքներու օգտագործումը կրնայ նոր կանոններով սահմանուիլ։ Բայց եթէ այդ բոլոր փոփոխութիւններուն տակ Մոսկուա պահպանէ որոշակի ռազմական հասանելիութիւն, ապա ազդեցութեան հարցը ամբողջութեամբ փակուած չի կրնար ըլլալ։

Եւ այստեղ կը հասնինք Ուքրանիոյ պատերազմին։

Առաջին հայեացքով Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմը տարբեր պատմութիւններ են։ Բայց Մոսկուայի հաշիւներուն մէջ անոնք կապուած են իրար հետ։

Ռուսաստանի ռազմական կարողութիւնները, տնտեսական վիճակը եւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները մեծապէս կախեալ են Ուքրանիոյ պատերազմի ընթացքէն։ Եթէ պատերազմը շարունակուի նոյն ծանրութեամբ, Մոսկուա կրնայ ստիպուիլ աւելի զգոյշ ըլլալ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը պահպանելու հարցին մէջ։ Իսկ եթէ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուի Ռուսաստանի համար ընդունելի իրավիճակ, Մոսկուան կրնայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել Մերձաւոր Արեւելքին։

Այս իմաստով առաջիկայ ամիսներուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը պէտք է դիտել նաեւ Մոսկուայի ընդհանուր կարողութիւններու լոյսին տակ։

Փութին պիտի շարունակէ՞ ղեկավարել ներկայ Ռուսիան եւ նոյն արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը։

Ուքրանիոյ պատերազմը ի՞նչ հանգրուանի պիտի հասնի։

Ռուսաստան պիտի կարենա՞յ պահպանել իր ռազմական եւ տնտեսական կարողութիւնները։

Այս հարցերը միայն Մոսկուայի համար կարեւոր չեն։

Անոնք կարեւոր են նաեւ Սուրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ նոյնիսկ Հայաստանի համար։

Որովհետեւ մենք շատ անգամ կը սխալինք՝ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը չափելով միայն անոր զինուորներու քանակով։

Բայց մեծ պետութիւններու ազդեցութիւնը միշտ չէ, որ կը չափուի զինուորներու թիւով։

Երբեմն զօրքերը կը պակսին, բայց ազդեցութիւնը կը մնայ։

Ռազմակայանը կը փոխէ իր անունը, բայց ենթակառուցուածքը կը մնայ։

Ռազմական ներկայութիւնը կը սահմանափակուի, բայց մարզումները կը շարունակուին։

Պաշտօնական դաշինքը կը թուլանայ, բայց կապերը կը պահպանուին։

Եւ այս պատճառով Հմէյմիմի եւ Թարթուսի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները պէտք է դիտել ոչ թէ միայն որպէս երկու ռազմակայաններու ճակատագիր, այլ՝ որպէս Ռուսաստանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան փորձաքար։

Հայաստանի համար այս փորձը պէտք է հետաքրքրական ըլլայ։

Որովհետեւ մեր տարածաշրջանն ալ տեսած է, թէ մեծ ուժի մը ներկայութեան փոփոխութիւնը ինչպէս կրնայ ամբողջովին փոխել քաղաքական հաշիւները։

Երբ մեծ ուժ մը կը նահանջէ, երբեմն անոր տեղը անմիջապէս այլ ուժ մը չի գար լրացնելու համար այդ բացը…։

Երբեմն կը ստեղծուի միջանկեալ շրջան մը, ուր բոլոր դերակատարները կը փորձեն նոր դիրքեր գրաւել։

Սուրիան այսօր կարծես այդ փուլին մէջ կը գտնուի։

Եւ Ռուսաստանի համար Հմէյմիմն ու Թարթուսը այդ պայքարի կարեւոր կէտերն են։

Այստեղ, սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ վերջնական եզրակացութիւններու հարցին մէջ։

Որովհետեւ «համատեղ ուսումնական կեդրոն» արտայայտութիւնը ինքնին դեռ չի պատասխաներ այն հիմնական հարցերուն, որոնք պիտի որոշեն Ռուսաստանի իրական ներկայութիւնը։

Ո՞վ պիտի վերահսկէ այդ կեդրոնները։

Որքա՞ն ռուսական անձնակազմ պիտի մնայ։

Ի՞նչ զինատեսակներ կամ ռազմական միջոցներ պիտի պահուին։

Ի՞նչ հասանելիութիւն պիտի ունենայ ռուսական կողմը։

Եւ արդեօք անհրաժեշտութեան պարագային այդ ներկայութիւնը պիտի կարենա՞յ արագօրէն ընդլայնուիլ։

Ահա այս հարցերուն պատասխաններն են, որ առաջիկայ երեք ամիսներուն պիտի սկսին իրական պատկերը բացայայտել։

Եթէ ռուսական անձնակազմը էականօրէն հեռանայ, ռազմական հասանելիութիւնը սահմանափակուի եւ Հմէյմիմն ու Թարթուսը փաստացիօրէն անցնին սուրիական ամբողջական վերահսկողութեան տակ, ապա կարելի է խօսիլ իրական ռուսական նահանջի մասին։

Բայց եթէ ռուսական կողմը պահպանէ անձնակազմ, ենթակառուցուածքներ, ռազմական մարզումներ եւ ռազմավարական հասանելիութիւն, ապա աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ ոչ թէ հեռացման, այլ ներկայութեան ձեւափոխութեան մասին։

Եւ թերեւս այստեղ է ամբողջ պատմութեան ամենակարեւոր կէտը։

Եւ թերեւս այստեղ է ամբողջ պատմութեան ամենակարեւոր կէտը։

Ռուսաստան կրնայ դուրս գալ նախկին Սուրիայէն՝ առանց դուրս գալու Սուրիայէն։

Կրնայ հրաժարիլ նախկին արտօնեալ կարգավիճակէն՝ առանց հրաժարելու իր ռազմավարական շահերէն։

Կրնայ կրճատել իր ռազմական ներկայութիւնը՝ առանց ամբողջութեամբ կորսնցնելու ազդեցութիւնը։

Եւ կրնայ փոխել ռազմակայանի անունը՝ առանց հրաժարելու այն տարածքի ռազմավարական նշանակութենէն։

Այս պատճառով հարցը այլեւս պէտք չէ ձեւակերպել միայն այսպէս՝ Ռուսաստան Սուրիայէն կը հեռանա՞յ, թէ՞ կը մնայ։

Աւելի ճիշդ հարցը հետեւեալն է։

Ռուսաստան ի՞նչ ձեւով պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ, եթէ այլեւս չի կրնար մնալ նախկին ձեւով։

Պատասխանը պիտի որոշէ ոչ միայն Հմէյմիմի եւ Թարթուսի ապագան, այլեւ Ռուսաստանի տեղը նոր Սուրիոյ մէջ։

Եւ աւելի լայն իմաստով՝ Ռուսաստանի տեղը Մերձաւոր Արեւելքի նոր դասաւորումին մէջ։

Որովհետեւ այսօր տարածաշրջանը ամբողջութեամբ վերաձեւաւորումի մէջ է։

Ասատի ժամանակաշրջանը փակուած է։

Բայց այն ուժերը, որոնք տարիներ շարունակ կառուցած էին իրենց դիրքերը այդ Սուրիոյ շուրջ, մէկ գիշերուան մէջ չեն անհետանար։

Անոնք կը բանակցին։

Կը փոխեն ձեւաչափերը։

Կը վերանային իրենց դաշինքները։

Կը փնտռեն նոր գործընկերներ։

Եւ ամենակարեւորը՝ կը փորձեն մնալ այնտեղ, ուր իրենց համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածք մը կայ։

Ռուսաստանն ալ բացառութիւն չէ։

Ուստի առաջիկայ ամիսներուն պէտք է ուշադիր հետեւիլ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի «կարգավիճակներ»ուն։

Ոչ միայն տեսնելու համար, թէ ռուս զինուորները կը մնա՞ն, թէ՞ կը հեռանան։

 Ի դէպ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երբեմն ամենակարեւոր փոփոխութիւնը այն չէ, որ ուժ մը հեռացաւ։

Այլ այն, որ անոր ներկայութեան անունը փոխուեցաւ։

Ու այս պատմութեան մէջ թերեւս ամենակարեւոր հարցը պիտի չըլլայ՝

Ռուսաստան Սուրիայէն կը հեռանա՞յ։

Այլ՝ Ռուսաստան ինչպէ՞ս պիտի մնայ։

Գալիք ամիսները վստահ եմ, որ աւելի յստակ պատասխան մը եւ աւելի երեւելի պատկեր մը ցոյց պիտի պիտի տան մեզի։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...