image

Չարլզ երրորդի գուլպաներու թեման՝ խնդուքի առարկայ

Չարլզ երրորդի գուլպաներու թեման՝ խնդուքի առարկայ

Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ երրորդը անյարմար դրութեան մէջ յայտնուած է մզկիթ կատարած այցի ժամանակ։

Համացանցի մէջ յայտնուած նկարէն օգտատէրերը նկատած են միապետի պատռուած գուլպան, որ բուռն քննարկումներու առիթ դարձած է։ Անոր աջ ոտքի սեւ գուլպայի անցքը նկատուած է, երբ միապետը, մզկիթ այցելելու կանոններու համաձայն, հանած է կօշիկները։ 

Ինչպէս գրած է The Telegraph-ը, խնայող Չարլզ երրորդը երբեք չէ հետեւած նորաձեւութեան միտումներուն՝ նախապատւութիւնը տալով ժամանակի փորձութիւնը անցած, արդէն մաշած, բայց սիրելի հագուստին, սակայն այս անգամ անոր ընտրութիւնը համացանցի մէջ զուարճալի մեկնաբանութիւններ հրահրած է։

«Անգամ Միացեալ Թագաւորութեան թագաւորի գուլպայի վրայ անցք կայ»,- գրած է օգտատէրերէն մէկը։

«Սա առնուազն կ'ապացուցէ, որ ան մեր նման մէկն է», - մեկնաբանած է երկրորդը:

«Ան ժողովուրդէն մէկն է»,- կատակած է երրորդը:

Այնուամենայնիւ որոշ օգտատէրեր թերահաւատօրէն մօտեցած են թագաւորի՝ պատռուած գուլպայի մասին անտեղեակ ըլլալու միտքին՝ ենթադրելով, որ նման քայլը կրնար նախապէս մտածուած ըլլալ։

«Չի կրնար պատահիլ, որ ան չէ իմացած անցքի մասին։ Իսկական թատրոն է», - գրած է անոնցմէ մէկը:

«Տարօրինակ վայր է պատռուած գուլպայ հագնելու համար։ Գովազդային հնարքի «հոտ կու գայ»», - աւելցուցած է միւսը։